ՊԷՅՐՈՒԹ․- Շաբաթ, 22 Յունուարին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 107ամեակի Ոգեկոչման մարմինը այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Հանդիպման ընթացքին մարմինը հայրապետին ներկայացուց 2022ի ապրիլեան ձեռնարկներու ծրագիր-նախագիծը` խնդրելով անոր հովանաւորութիւնը: Հաւատարիմ մնալով Համազգայինի տասնամեակներու տեսլականին եւ առաքելութեան` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը այս տարի կը ձգտի Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադառնալ քննական-վերլուծական բնոյթ կրող ձեռնարկով մը: Ձեռնարկ-սեմինարին նիւթն է` «Յետ Ցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ», եւ անիկա կը նպատակադրէ ի մի բերել հայագիտական ոլորտի մասնագէտներ եւ երիտասարդներ: Քննական մօտեցումով տեղեկատուութեան առընթեր, ձեռնարկին նպատակներէն է՝ շեշտադրել, մարդկային վնասներու կողքին, Ցեղասպանութեան գործած մշակութային եւ հոգեկան վնասները, վերլուծել զանոնք եւ վերարժեւորել աղէտին ահռելի ցնցումը` իբրեւ արուեստի արարիչ ուժ:
Վեհափառը ողջունեց այս քայլը եւ գնահատեց քարացած ու հնաբոյր ձեռնարկներէն դուրս գալու Համազգայինի այս նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է Սփիւռքը դրական «ցնցում»ի մը ենթարկել ու դուրս բերել զայն իր «թմբիր»էն, նոյնիսկ եթէ այս աշխատանքը երկար ժամանակի կը կարօտի եւ անխոնջ հաստատակամութիւն կը պահանջէ:
Յիշենք, որ Արամ Ա․ 2022ը հռչակած է «Սփիւռքի տարի», եւ սոյն ձեռնարկը նաեւ կը տեղադրուի գաղութներու կողմէ «Սփիւռքի տարուան» ամբողջական ներկայացումի ծիրին մէջ։