ԱԹԷՆՔ.- Պոնտոսի յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութեան պատմական յուշին նուիրուած էր «Յոյն եւ հայ ժողովուրդներ. Երկու դարաւոր մշակոյթներ» նիւթով հրապարակային ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ Փիրէայի յոյն-ֆրանսական Jeanne D՛Arc կրթարանին մէջ, Չորեքշաբթի, 19 Փետրուարի երեկոյեան։
Համախմբուած հայեր եւ յոյներ, ներառեալ՝ աշակերտներ եւ անոնց ծնողները, առիթը ունեցան հետեւելու ելոյթներու, ինչպէս նաեւ ճոխ գեղարուեստական յայտագիրի մը, որ նուիրուած էր երկու ժողովուրդներու մշակոյթներուն:
Ներկայ էին Քոքինիոյ հոգեւոր հովիւը, Յունաստանի մօտ Հայաստանի փոխդեսպան եւ լիազօր նախարար Յասմիկ Դաշտոյեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան, Հայ Դատի յանձնախումբի, Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ:
Բացումը կատարեց կրթական հաստատութեան տնօրէնուհի Ակելիքի Վոքու եւ կարճ պատմականը ըրաւ 160 տարեկան յոյն-ֆրանսական Jeanne D՛Arc հաստատութեան, որ պատմութեան դժուար պահերու վկան հանդիսացած է Փիրէայի մէջ: Ան խորապէս գնահատեց նման համագործակցութեան առիթները՝ դիտել տալով, որ դաստիարակներու պարտականութիւնը եւ առաքելութիւնն է՝ աշակերտական նոր սերունդներուն անցեալի պատմական փաստերուն մասին խօսիլ, զանոնք դաստիարակելով արդարութեան հետամուտ մնալ իրենց կեանքին ընթացքին:
Տնօրէնուհին ողջունեց նախաձեռնութիւնը ուսուցչուհիներ Տիրուհի Աշրեանի եւ Փարասքեւի Վիլայի, որոնք յղացումը եւ գործադրումը ունեցած էին այս կարեւոր ձեռնարկին:
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սթաւրոս Ապարեան, ողջոյնի իր խօսքին մէջ մատնանշեց Թուրքիոյ շարունակուող քաղաքականութեան դրսեւորումները, եւ հայ ու յոյն ժողովուրդներուն կողմէ պատմական ճշմարտութիւնը հաստատելու շարունակուող փորձերը: Ան ողջունեց պատմական յուշը նոր սերունդներուն մօտ կենդանի պահելու եւ արդարութեան սկզբունքներուն կառչած մնալու նպատակին ծառայող նմանօրինակ առիթներու կազմակերպումը:
Տիրուհի Աշրեան ներկայացուց վարժարանին՝ այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպելուն նպատակը, շնորհակալութեան խօսք ուղղելով բոլոր մասնակցողներուն, ապա հակիրճ ներկայացումը կատարեց օրուան բանախօս, ընկերային գիտութեանց փրոֆ. Թէոֆանիս Մալքիտիսի կենսագրական եւ աշխատանքային գիծերուն:
Յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած բաժինով իր խօսքը սկսաւ բանախօսը, որ իր յանդուգն եւ խիզախ ելոյթով գրաւեց ներկաներուն ուշադրութիւնը։
Փրոֆ. Մալքիտիս դրուատեց Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ ընդհանրապէս հայութեան տարած պահանջատիրական աշխատանքը համազգային տարողութեամբ, յատկանշականօրէն ըսելով, թէ Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարն էր, որ ցեղասպանութեան ճանաչման ուղին բացաւ յունական պահանջատիրութեան առջեւ, առաջնորդելով յաղթանակներու: Ան քննադատեց յոյն պետութեան պահպանողական կեցուածքը, որ պարզ ոգեկոչումներով կը բաւարարուի, մինչ հայութեան համար Ապրիլ 24ը ազգային սուգի եւ պահանջատիրութեան վերանորոգուող ուխտի օր կը հանդիսանայ:
Հայկական «Պինկէօլ» եւ «Եար քո» երգերուն մեկնաբանութեամբ հանդէս եկաւ սիրուած երգիչ Հայկ Եազըճեան, որ իր բարձրորակ կատարումներով խոր ազդեցութիւն թողեց ներկաներուն վրայ:
Ապա յունական պարեր ու երգեր ներկայացուցին Արղիրուփոլիսի Պոնտոսցիներու միութեան անդամները, իսկ երեկոն աւարտեցաւ հայկական պարերով, զորս ներկայացուցին «Աւետիս» պարախումբի պատանիները, իրենց պարուսոյց Շուշանիկ Սեմէրճեանի ղեկավարութեամբ:
Վերջաւորութեան յիշատակի նուէրներ եւ գիրքեր յանձնուեցան բոլոր մասնակիցներուն: