ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի յայտարարեց, որ Միջերկրական ծովուն վերաբերող տարաձայնութիւններուն գծով, Ֆրանսա կ՛աջակցի Յունաստանին եւ Կիպրոսին ու դէմ է Թուրքիոյ հրահրիչ քայլերուն։
Ան աւելցուց, որ aՅունուարին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի միջեւ հանդիպման ընթացքին շեշտուած էր, թէ երկու երկիրները վճռականօրէն տրամադրուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը սերտացնելու ջանքերուն նկատմամբ։
Փարլի նաեւ ըսաւ, որ եւրոպացի իր գործընկերները եւս կը դատապարտեն Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող իրաւական խախտումները եւ քննադատեց Թուրքիոյ ու Լիպիոյ ազգային համաձայնութեան կառավարութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը, զայն սպառնալիք մը նկատելով տարածաշրջանի ապահովութեան: