ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսական «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանը 27 Փետրուարին հաղորդեց, որ թրքական ստորաբաժանումներ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ կրակ բացին սուրիական եւ ռուսական ռազմական օդանաւերու վրայ, որոնք կը պայքարէին իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներուն դէմ։
Ըստ վերջինիս փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ թրքական կողմը հակադարձեց, երբ օդային յարձակումի մը հետեւանքով առնուազն երեք թուրք զինուորներ եւս սպաննուեցան Իտլիպի մէջ։
Ներկայիս թէժ մարտեր տեղի կ՛ունան Սարաքեպի շուրջ, որ վերջերս ազատագրուած էր սուրիական բանակին կողմէ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մերժեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ բանակցութիւններու սկսելու Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի կոչը: «Մեր ընդդիմութեան ղեկավարը առաջարկեց, որ հանդիպում ունենամ Ասատի հետ: Նախապէս խօսած եմ Ասատի հետ, սակայն նկատեցի որ խիղճ չունի: Ան յարձակում կը գործէ մեր զինուորներուն վրայ», ըսաւ Էրտողան՝ աւելցնելով. «Կը ծրագրենք մինչեւ այս ամսուան վերջը թրքական հսկողութեան կէտերը ազատագրել Սուրիոյ բանակին կողմէ անոր պարտադրուած պաշարումէն: Իտլիպի մէջ թրքական հսկողութեան կէտերը պաշարողներուն տուած մեր պայմանաժամը աւարտելու վրայ է», աւելցուց ան:
Ըստ անոր՝ Ամերիկա ցարդ Իտլիպի մէջ օժանդակութիւններ չէ տրամադրած, այս գծով նախագահ Թրամփին հետ անգամ մը եւս պիտի խօսի:
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութիւնը շեշտեց, որ Ռուսիա եւ Թուրքիա Սուրիոյ հիւսիսը լարուածութեան մեղմացման գօտիին շուրջ պէտք է համաձայնութիւն գոյացնեն եւ Սուրիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեց՝ «դադրեցնելու Իտլիպի ռմբակոծումը»:
Նաեւ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը նշեց, թէ Սուրիոյ բանակը վերջին երեք օրերուն ընթացքին Իտլիպի մէջ 30 գիւղեր ազատագրած է: