ՍԱՐԳԻՍ ԱՐՄԷՆԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, եղբօրորդիին եւ հարազատին՝ Սարգիս Արմէնեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020ին, Լիբանանի մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, Փետրուար 29, 2020ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ապա թաղումը՝ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Վիգէն Արմէնեան
Սեւակ Արմէնեան
Միրէյ Մաւիլեան
Տէր եւ տիկ. Օհան Արմէնեան եւ դուստրերը՝
Կարին եւ Փաթիլ եւ իրենց ընտանիքները
Տէր եւ տիկ. Ատրուշան Արմէնեան եւ դուստրերը՝ Հերա եւ Գառնի
Տէր եւ տիկ. Բարսեղ Արմէնեան
Տէր եւ տիկ. Կարօ Արմէնեան եւ զաւակները եւ իրենց ընտանիքները
Տէր եւ տիկ. Յարութիւն Արմէնեան եւ զաւակը եւ ընտանիքը
Հայկօ (Արմէնեան) Մուրատեան
Տէր եւ տիկ. Պերճ Արմէնեան եւ դուստրերը
Եւ համայն Արմէնեան, Շեքէրճեան, Պաղտիկեան, Գութնույեան,
Պալըքճեան, Պաղտասարեան, Սիմոնեան, Գարակէօզեան,
Թերճանեան, Թեճիրեան եւ Հիւսենճեան ընտանիքները,
հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8, իսկ Կիրակի, Մարտ 1, կէսօրէն առաջ ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7ը, նոյն վայրին մէջ։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահի բարեզարդման։ Միացեալ Նահանգներու պարագային նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել հետեւեալ հասցէին՝ St.Garabed Armenian Apostolic Church, 2054 East Desert Inn Road, Las Vegas, NV 89169, USA։