ՄԵԼՊՈՒՌՆ.- Աւստրալիոյ թենիսի Բաց մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումներուն, մրցաշարքին մէջ 10րդ դասուած ռուսահայ Կարէն Խաչանով Հինգշաբթի, 18 Յունուարին, սուր պայքարէ մը ետք անակնկալ պարտութիւն մը կրեց (4-6, 5-7, 4-6 արդիւնքով) մրցաշարքին մէջ 22րդ դասուած սպանացի Ռոպերթօ Պաթիսթա Ակութէն՝ ակնկալուածէն աւելի կանուխ դուրս մնալով մրցաշարքէն։ Նշենք, որ Ակութ առաջին հանգրուանին պարտութեան մատնած էր աշխարհի նախկին թիւ մէկ Էնտի Մըրին (Բրիտանիա)։
Նաեւ, մրցաշարքին կանանց բաժանմունքէն դուրս մնաց ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան՝ 1-6, 5-7 արդիւնքով պարտուելով մրցաշարքին մէջ 12րդ դասուած պելճիքացի Էլիս Մերթենզէն։