ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Խորհրդարանը 18 Յունուարին ընտրեց Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու նախագահները:
11 մշտական յանձնաժողովներէն 8ին ղեկավարները եղան «Իմ Քայլը» դաշինքի պատգամաւորներ:
Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի ղեկավար ընտրուեցաւ նախկին արտաքին գործոց փոխնախարար Ռուբէն Ռուբինեան:
Տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ «Իմ Քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Բաբկէն Թունեան: Թունեան երկար տարիներ զբաղած է տնտեսական լրագրութեամբ:
Առողջապահութեան եւ ընկերային ապահովութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ «Իմ Քայլը»ի պատգամաւոր Նարեկ Զէյնալեան:
Գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, մարմնամարզութեան ու երիտասարդութեան հարցերով մշտական յանձնաժողովը պիտի ղեկավարէ «Իմ Քայլը»էն պատգամաւոր Մխիթար Հայրապետեան՝ սփիւռքի նախկին նախարարը:
Եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովը պիտի ղեկավարէ Արման Եղոյեան, որ պատգամաւոր դառնալէն առաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ քարտուղարն էր:
Տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման, գիւղատնտեսութեան եւ բնապահպանութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Վարազդատ Կարապետեան: Ան նախապէս տարածքային կառավարման եւ զարգացման փոխնախարարն էր, ապա՝ Նիկոլ Փաշինեանի խորհրդականը:
Մարդու իրաւունքներու եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովը պիտի ղեկավարէ «Բարգաւաճ Հայաստան» (ԲՀԿ) խմբակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրաբեան:
Տարածաշրջանային եւ եւրասիական համարկման յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ ԲՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր, տնտեսագէտ Միքայէլ Մելքումեան:
Ելեւմտական եւ պիւտճէի վերաբերեալ հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ «Լուսաւոր Հայաստան»ի պատգամաւոր Մանէ Թանդիլեան: