ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Ղարաբաղեան կողմը չունի սովորութիւն կրակելու խաղաղ բնակչութեան վրայ, եւ այդ աշխատաոճը պատկանում է բացառապէս հակառակորդին»:
Այս հաստատումը կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ խօսնակ Սենոր Հասրաթեանը՝ «Արմէնփրէս»ին խնդրանքով մեկնաբանելով ատրպէյճանական կողմի հերթական ապատեղեկատուութիւնը այն մասին, իբր թէ ղարաբաղեան զինուած ուժերը Աղդամի շրջանին մէջ կրակած են յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցող խաղաղ բնակչութեան վրայ:
«Այդ ամէնն ադրբեջանական քարոզչամեքենայի արդիւնք է, սովորական սուտ: Եթէ ղարաբաղեան կողմը կրակ է բացում, ապա բացում է ըստ անհրաժեշտութեան միայն եւ բացառապէս հակառակորդի մարտական դիրքերի ուղղութեամբ: Մեր գաղափարախօսութեանն անընդունելի է կրակել խաղաղ բնակչութեան վրայ», յայտնած է Սենոր Հասրաթեանը՝ աւելցնելով, որ սահմանին վրայ իրավիճակը նոյնն է: Ատրպէյճանական կողմը պարբերաբար կը խախտէ զինադադարի դրութիւնը, որուն հայկական կողմը կը պատասխանէ միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային:
13 Մարտին յիշեալ գործողութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերուն վերագրած էր ատրպէյճանական «ԱՊԱ»ն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.