ՔՈՒՓԸՐԹԻՆՕ.- Սանթա Քլարա հովիտի Քուփըրթինօ քաղաքի Ս. Անդրէաս եկեղեցւոյ ծուխի հիմնադրութեան 50ամեակին նուիրուած պաշտօնական ճաշկերոյթը՝ նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 1, 2014ի երեկոյեան:
Երեկոյի հանդիսավարներն էին տոքթ. Փիթըր Ապաչի եւ կինը՝ Փամելա: «Երեւան» պարային համոյթը, ղեկավարութեամբ Ֆլորա Պաղտասարեանի, հրապուրիչ պարերով խանդավառութիւն պատճառեց ներկաներուն, ապա կատարուեցաւ յիսնամեակի կարկանդակի հատումը: Ռանի Հենէսեան ամփոփ կերպով ներկայացուց ծուխին յիսնամեայ պատմութիւնը, իսկ ծուխի անդամներէն ոմանք անդրադարձան իրենց անցեալի յուշերուն:
ՀՄԸՄի «Անի» մասնաճիւղի ատենապետ Գրիգոր Գրիգորեան շնորհաւորեց ծուխի հիմնադրման յիսնամեակը եւ յուշանուէր մը յանձնեց եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ ծուխի հոգեւոր հօր՝ Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանին: ՀԲԸՄի մասնաճիւղի ատենապետ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Երուանդ Զօրեան նոյնպէս շնորհաւորութիւն յայտնեց եւ յուշանուէր մը յանձնեց եկեղեցիին եւ տէր հօր:
Տէր հայրն ու Ծխական խորհուրդը առաջնորդին դիմած էին՝ առաջնորդարանի «Հայ Ոգի» շքանշաններով պարգեւատրելու ծուխէն ներս երկարամեայ ծառայութիւն մատուցող 9 հաւատացեալներ: Տէր հայրը սրբազանին ներկայացուց զանոնք, ապա առաջնորդը շքանշանով պարգեւատրեց տիրամայր Սիրուհի Յարութիւնեանը, Ռաֆֆի Չարըքեանը, Ճենիս Ֆիլիեսը, Սուզեն Դեւլետեանը, Զապէլ Քութուքճեանը, Ալիծ Նազարեանը, Անի Ենիքոմշեանը, Լեւոն Պզտիկեանը եւ Ֆլորընս Ճանճիկեանը:
Ապա տէր հայրը ներկայացուց ծուխի կազմակերպութիւններուն ծառայութիւնները եւ գնահատեց զանոնք:
Տոքթ. Փիթըր Ապաչի հիւրերուն ծանօթացուց Նայիրի Ստեփանեանը, իսկ Նուպար Մանուկեան՝ Սօսի Մակտեսեանը, որոնց, որպէս գնահատանք, Գարեգին Բ. կաթողիկոս պարգեւած էր «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը: Պարգեւատրումը կատարեց առաջնորդը, որ շնորհաւորեց զիրենք եւ բարեմաղթութիւններ կատարեց: Սրբազան հօր «Պահպանի»չով փակուեցաւ յայտագիրը:
Բուն Բարեկենդանի օրը՝ Կիրակի, Մարտ 2ին, եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց առաջնորդը: Առ ի գնահատութիւն տէր հօր մատուցած երկարամեայ անձնուէր ծառայութիւններուն եւ առաջնորդին խնդրանքին ընդառաջելով՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոս «Աւագ Քահանայութեան Պատիւ» շնորհած էր Տաթեւ քհնյ. Յարութիւնեանին: Առաջնորդը ընթերցեց կաթողիկոսի կոնդակը, շնորհաւորեց տէր հայրը եւ իր ընտանիքը, ապա բարեմաղթութիւններ կատարեց: Տէր հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց վեհափառին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին: Ան նաեւ ընթերցեց Նայիրի Ստեփանեանը ու Սօսի Մակտեսեանը «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով պարգեւատրելու կոնդակները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.