Դաշնակահար, խմբավար եւ ուսուցիչ Արմէն Տօնէլեան արտադրած է Սայաթ Նովայի գործերուն նուիրուած երկու սեղմ սկաւառակներով ալպոմ մը՝ «Սայաթ Նովա. Նախահայրերուս Երգերը» («Sayat-Nova: Songs of My Ancestors») անունով, որ իր 10րդ արտադրութիւնն է «Սանիսայտ» ընկերութեան հետ:
Ալպոմը հրապարակ պիտի իջնէ Ապրիլ 1ին: Ալպոմին երկու սեղմ սկաւառակներէն մէկը, որուն մէջ հարազատօրէն պահուած են Սայաթ Նովայի մեղեդիները, Տօնէլեանի անհատական կատարումներուն նուիրուած պիտի ըլլայ, իսկ երկրորդը՝ Տօնէլեան, Տէյվիտ Քլարք եւ Ճորճ Շուլըր երրեակի կատարումներուն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armenjazz.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.