Լիբանան ապաստանած սուրիահայերու հարցերով զբաղող միջբարեսիրական մարմինին կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 19 Մարտին ընթացք առին նպաստաբաշխումի երկրորդ հանգրուանի աշխատանքները, որոնք ընդգրկեցին Մարտ ամսուան ընթացքին լիբանանահայ բարեսիրական մարմիններուն մօտ արձանագրուած սուրիահայ ընտանիքները:
Լիբանանի Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ տրամադրուած նպաստները կ՛ընդգրկեն սննդեղէն եւ խոհանոցային մաքրութեան նիւթեր: Նպաստաբաշխումի աշխատանքներուն կը մասնակցին Հայկական երեսփոխանական խմբակի գրասենեակը, «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնարկը, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչը, «Գարակէօզեան» հիմնարկը եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը: Նշենք, որ նպաստաբաշխումի առաջին հանգրուանի աշխատանքները կատարուած էին Փետրուարին:
Նպաստաբաշխումի երկրորդ հանգրուանի աշխատանքներուն հետեւելու համար Չորեքշաբթի օր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ այցելեց եւ նպաստընկալ պարագաներու կարիքներուն մօտէն ծանօթացաւ Հայկական երեսփոխանական խմբակի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.