ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 20ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ իր անմիջական գործակիցները: Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, վարչապետը լայն կերպով զեկուցեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ձեռք ձգած յաջողութիւններուն եւ տնտեսական մարզին մէջ հետզհետէ արձանագրուող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարիներուն իրագործուելիք ծրագիրներուն մասին:
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց նախագահին, վարչապետին եւ պետական պատասխանատուներուն, Ղարաբաղի հզօրացման ի նպաստ իրենց ունեցած կարեւոր դերակատարութեան առթիւ:
Հանդիպումէն ետք, կաթողիկոսը ի պատիւ վարչապետին, պաշտօնական ընդունելութիւն տուաւ վեհարանի դահլիճին մէջ, ներկայութեամբ Ազգային կեդրոնական վարչութեան, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ շուրջ երկու հարիւր գործարարներու:
Վեհափառ հայրապետը ներկաներուն առջեւ կարեւորութեամբ շեշտեց Ղարաբաղը հզօր պահելու հրամայականը՝ շեշտելով, թէ «Ղարաբաղի հզօրութիւնը կարելի է ձեռք ձգել, երբ մեր ժողովուրդը կառչած մնայ իր հողին եւ տնտեսական մարզէն ներս յաջողութիւններ արձանագրէ»:
Վեհափառը յայտնեց, որ վարչապետը դարձեալ Լիբանան եկած է այդ առաքելութեան համար, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները սատար հանդիսանան Ղարաբաղի հզօրացման ծրագիրներուն եւ տնտեսական ներդրումներ կատարեն:
Ապա խօսք առաւ վարչապետը եւ յիշեցուց, թէ Ղարաբաղը զարգացման դրական ընթացքի մէջ է, եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ հետեւելու վեհափառ հօր հայրական ցուցմունքներուն, իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու Ղարաբաղի տնտեսական աճման ու ամրապնդման աշխատանքներուն:
Վարչապետը, իր գործակիցներով, յառաջիկայ երեք օրերուն ընթացքին յաջորդաբար հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանահայ գործարարներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.