
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը հիմնադրամի երկրորդ մեծագոյն դրամահաւաքն է, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ 15-18 Նոյեմբերիին: Հայ եւ օտար աւելի քան 700 կամաւորներ՝ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Զուիցերիայէն, Պելճիքայէն արդէն իսկ լծուած են աշխատանքի. արդարեւ, անոնք Ֆրանսայի հինգ քաղաքներէն՝ Փարիզ, Լիոն, Մարսէյ, Նիս եւ Թուլուզ, կը հեռաձայնեն հայ ընտանիքներու եւ կազմակերպութիւններու՝ առաջարկելով իրենց նուիրատուութիւններով մասնակցիլ Հայաստանի ու Արցախի վերաշինութեան նպատակով կատարուող դրամահաւաքին: Հիմնադրամին կողմէ «Արմէնփրէս»ին յայտնած են, որ Ֆրանսայէն դուրս այդ նախաձեռնութեան պիտի միանան Հոլանտան, Յունաստանը, Շուէտը, իսկ Եւրոպայէն դուրս՝ Արժանթինն ու Պրազիլը։
Հեռախօսամարաթոնի նուիրատուութիւնները պիտի տրամադրուին Արցախի գիւղերուն մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման, Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրներուն եւ սուրիահայութեան հրատապ խնդիրներու լուծման:
Իբրեւ հանգանակութեան կնքահայրեր, որոնք հայրենաշինութեան մասնակցելու կոչով կը դիմեն հանրութեան՝ հանդէս պիտի գան Ֆրանսայի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ, աշխարհի ախոյեան Եուրի Ճորքայէֆը եւ «Ֆրանս» պատկերասփիւռի ընկերութեան մարզական ծրագիրներու տնօրէն Տանիէլ Պիլալեանը:
Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեանի համաձայն, այս տարի եւս ամէն ինչ պիտի կատարեն, որպէսզի դրամահաւաքին միջոցով գոյացած գումարներով լուծուին հայրենիքին մէջ դեռ առկայ բազմաթիւ հիմնահարցերէն գէթ քանի մը հարը: «Ցաւօք, այդ հարցերուն վրայ աւելցան մեր սուրիահայ եղբայրներուն խնդիրները, որոնց լուծումը միասնական ջանքեր կը պահանջեն», նշեց Թերզեան: Նախորդ տարուան հանգանակուած գումարներով ջրամատակարարման ծրագիրներ իրականացած են Արցախի ու Հայաստանի (Տաւուշի մարզ) 10 գիւղերու մէջ, վերանորոգուած եւ սարքաւորումներով համալրուած է Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցի լսատեսողական կեդրոնը, հիմնովին նորոգուած է Գիւմրիի մանկատունը, կառուցուած է ջրամատակարարման համակարգ Շուշիի շրջանի Քարին Տակ գիւղին մէջ, իրականացուած են Տաւուշի մարզի գիւղատնտեսութիւնը խթանող կարգ մը ծրագիրներ:
«Հեռախօսազանգերը, որ հնչում են Սփիւռքի հայ ընտանիքներում եւ կազմակերպութիւններում, կարճ ժամանակ անց դառնում են դպրոց ու դասարան, ջրագիծ կամ հիւանդանոց հայրենիքում: Այսօր մենք վստահ կարող ենք ասել, որ այս իրապէս ժողովրդական միջոցառումը կայացել է այս 13 տարիների ընթացքում», յայտնած է «Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը: