
Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ իր տեսակցութիւններուն ընդմէջէն շեշտը դրաւ հիմնական երեք կէտերու վրայ. ան միջազգային հանրութիւնը վստահեցուց, որ պատրաստ են ազատ, արդար նախագահական ընտրութիւններ կայացնելու, Մինսկի խումբին մէջ համանախագահող երկրին մէջ շեշտեց, որ Ղարաբաղը չի կրնան մաս կազմել Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ՝ անդրադարձ կատարելով Ցեղասպանութեան ճանաչման առումով Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան՝ նշեց, թէ Եւրոպայի հետ աղերսներ ունենալու համար այս երկիրը ստիպուած է հաշուի նստելու իր իրականութեան հետ:
13 Նոյեմբերին Լիոնի մէջ ան հանդիպում ունեցաւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ. ան շեշտած է, որ Թուրքիան վաղ թէ ուշ պիտի ստիպուի իր իրականութեան հետ հաշուի նստելու։
«Մօտենում է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցը, եւ մենք պէտք է աւելի կազմակերպուած դարձնենք մեր համազգային պայքարը, որպէսզի մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնը այլեւս երբեք չկրկնուի: Համոզուած եմ, որ վաղ թէ ուշ Թուրքիան ստիպուած է լինելու հաշուի նստել իրականութեան հետ: Եւրոպայի հետ աղերս ունենալու համար դա, թերեւս, նուազագոյն պայման է, եւ ինչի մասին երէկ բացայայտ յայտարարեց Ֆրանսիայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը», նշած է Սերժ Սարգսեանը:
«Գարնանը կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները աննախադէպ առաջընթաց արձանագրեցին», Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ յայտարարեց նախագահը՝ աւելցնելով. «Հայաստանի իշխանութիւնները հաստատակամ են գրանցուած առաջընթացը զարգացնելու եւ առաջիկայում ազատ, արդար ու թափանցիկ նախագահական ընտրութիւններ անցկացնելու գործում»:
Հայ -ատրպէյճանական հարցին մասին խօսելով՝ Սարգսեան ըսաւ, որ վերջին ամիսներուն Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը այլատեացութեան նոր ալիք բարձրացուց՝ հերոսացնելով քնացած հայ սպան կացնահարած վախկոտ մարդասպանը: Նախագահը այս դէպքը նկատեց վերջնական ապացոյց այն իրողութեան, որ Ղարաբաղ չի կրնար Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ։ «Արցախի ազատամիտ ու հերոսական ժողովուրդը չի կարող ապրել այլատեացութեան ու ծանր յանցագործութեան հովանաւոր պետութեան կազմում», յայտարարեց Սերժ Սարգսեանը:
Նախագահներ Հոլանտի եւ Սարգսեանի միջեւ կայացած հանդիպումէն ետք կատարած յայտարարութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը կարեւոր նկատած է յատկապէս Ղարաբաղի հարցը եւ այն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սառեցուած բանակցութիւնները, ըստ երեւոյթին, պիտի վերսկսին: Ֆրանսայի նախագահը շեշտած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորումը միջնորդ Ֆրանսան կը տեսնէ Մատրիտեան սկզբունքներու ծիրին մէջ:
Նախագահներու հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է միջազգային խնդիրներուն: Նախագահ Հոլանտ խօսած է Սուրիոյ մասին՝ հասկացողութիւն ցուցաբերելով Հայաստանի զգուշաւորութեան նկատմամբ, այնուամենայնիւ արտայայտելով այն կարծիքը, որ այդ երկրին մէջ պէտք է իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ: Իսկ Իրանին վերաբերող բաժնով Հոլանտ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահը Իրանին կը փոխանցէ հանդիպումին ընդմէջէն անոր ուղարկուած պատգամները։
Ո՛չ Ֆրանսայի, եւ ոչ ալ Հայաստանի նախագահը խօսեցան Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար պատիժ սահմանող օրինագիծին ճակատագիրին մասին։ Երկու նախագահները շեշտը դրած են տնտեսական կապերը զարգացնելու գծով իրենց հետաքրքրութեան վրայ:
Սերժ Սարգսեան տարբեր առիթներով հրաւիրեց ֆրանսացիները, յատկապէս ֆրանսահայերը՝ Հայաստանի մէջ առեւտուր կատարելու եւ աշխատանք հիմնելու։
«Զաւեշտալի է, բայց փաստ, որ Ֆրանսիան, լինելով երկրորդ ներդրողը Հայաստանում, չի մտնում Հայաստանի առեւտրային գործընկերների գոնէ տասնեակի մէջ: Այս ցուցանիշի բարելաւման հարցում, անկեղծ ասած, ակնկալում եմ ձեր գործուն մասնակցութիւնը», նշեց Սերժ Սարգսեան՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի մէջ գործարարութիւն կատարելը շահաւէտ է, քանի որ «մեր երկիրը ԵՄի հետ բանակցութիւններ է վարում ազատականացուած առեւտուր ունենալու համար, տնտեսական բարեփոխումներ է կատարել, որոնք, նախագահի խօսքով, բարելաւել են ներդրումային ոլորտը, նաեւ ազատ առեւտրի համաձայնագիր ունի ԱՊՀի հետ, նոյնանման փաստաթուղթ ստորագրելու համար բանակցութիւններ են վարւում Իրանի հետ»:
«Մենք չունենք բնական ռեսուրսներ, մենք գտնւում ենք գրեթէ համատարած շրջափակման մէջ, եւ մեր միակ ելքը գործարար միջավայրի բարելաւումն է եւ ներդրումներ ներգրաւելը», աւելցուց Սերժ Սարգսեան:
Այս գծով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարար Տիգրան Դաւթեանը նշեց. «Հայաստանը ցանկանում է ոչ այնքան Ֆրանսիայի հետ առեւտրի ծաւալներն աւելացնել, որքան նոր ներդրումներ ներգրաւել:
«Հայաստանի հնարաւորութիւնները ներկայացուեցին առաւելապէս Ֆրանսիայի արդիւնաբերական կենտրոն Լիոնում: Գարնանը լիոնցի գործարարները կը գան Հայաստան տեղում համոզուելու այդ յայտարարութիւնների ճշմարտացիութեան մէջ»:
Հայրենիքի մէջ առեւտուր կատարելու առնչութեամբ Հայաստանի ղեկավարներէն առաջարկ ստացած ֆրանսահայ գործարարները, սակայն, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած են, որ այս առումով կան բազմաթիւ հարցեր՝ շուկան բաւական մեծ չէ, կազմակերպչական խնդիրներ կան եւ այլն:
Հայաստանի մէջ կարելի չէ առեւտուր կամ աշխատանք հիմնել, պնդած են հայաստանցի որոշ գործարարներ՝ վկայակոչելով հարկային ծանր բեռը, պետական կառոյցներուն մէջ տիրող փտածութիւնը, գործող ծանօթ-բարեկամ սկզբունքը: Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, որ սփիւռքահայերը հրաւիրելէ առաջ այս հարցերը լուծուա՞ծ են՝ ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան ըսած է. «Կայ նաեւ կարծիք, որ Հայաստանում հնարաւոր է աշխատել, եւ կան գործարարներ, որոնք այդ կարծիքը միանշանակ պնդում են: Ասեմ, որ այդ կարծիքը շատ աւելի շատ է, քան հակառակ կարծիքը»: