
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան եւ Ազգ. վարչութեան անդամներ Թորոս Քէչէճեան ու Վահան Պզտիկեան։
Սոյն այցելութիւնը շարունակութիւնն էր Ազգ. առաջնորդարան հիւպատոսին Մայիս ամսուան տուած այցելութեան։ Ընթացիկ տարուան սկիզբին, որպէս Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս նշանակուած Իպրահիմ՝ երրորդ հանդիպումն էր առաջնորդ սրբազանին հետ ասիկա։
Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնները ընդհանրապէս կեդրոնացան Միջին Արեւելքի մտահոգիչ դէպքերուն եւ մասնաւորապէս Լիբանանէն ներս թէ դուրս ապրող լիբանանցիներու ընդհանուր կացութեանց շուրջ։ Առաջնորդը վերահաստատեց այդ ամուր կապը, որ կը տիրէ հայութեան եւ լիբանանեան ժողովուրդին ու հայրենիքին միջեւ։ Միաժամանակ, ան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ ապրող լիբանանցի հայ համայնքին անունով զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան հայրենիքի խաղաղութեան եւ համերաշխ գոյակցութեան ճիգերուն, իսկ Ազգ. առաջնորդարանին անունով պատրաստակամութիւն՝ օժանդակելու ապագայ ծրագիրներու յաջողութեան։
Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց գլխաւոր հիւպատոսին՝ ցարդ տարած շինիչ եւ օգտակար աշխատանքներուն համար, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ներկայ ու ապագայ ծրագիրներուն։
Հանդիպումը աւարտեցաւ փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի մթնոլորտի մը մէջ եւ երկու համայնքներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը շարունակելու առաջադրանքով։