
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը Միջազգային իրաւունքի միակ սկզբունքը չէ. 3 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Ռայնըր Մորելը՝ պատասխանելով ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ Գերմանիոյ դիրքորոշման մասին հարցումի մը:
«Գոյութիւն ունի նաեւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունք», յիշեցուցած է դեսպանը՝ աւելցնելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար պէտք է հաւասարակշռութեան մէջ պահել այս երկու հակասող սկզբունքները: «Հաւասարակշռութիւնը անհրաժեշտ է, քանի որ սկզբունքներէն մէկուն յաղթանակը կը նշանակէ միւսին պարտութիւնը: Հաւասարակշռութիւնը միակ ելքն է: Այդպիսի մօտեցում որդեգրելու խորհուրդ կու տանք կողմերուն», նշած է ան:
Դեսպանը յիշեցուցած է նաեւ, որ Եւրոպան նման հակամարտութիւններու առնչուող փորձառութիւն ունի՝ պատերազմներ, բազմաթիւ զոհեր, տարածքներու կորուստ: «Ներկայիս Գերմանիան եւ Ֆրանսան բարեկամներ են: Մենք խաղաղութեամբ կ՛ապրինք եւ տարածքներու համար չենք վիճիր։ Նոյնն է պարագան Լեհաստանի հետ: Մենք յաջողեցանք Եւրոպայի մէջ ստեղծել քաղաքական յարաբերութիւններու նոր որակ», դիտել տուած է դեսպանը: Դիւանագէտը յատուկ կերպով ընդգծած է, որ հաւասարակշռութիւն գտնելը բարդ է, բայց, այնուամենայնիւ՝ կարելի: «Անհրաժեշտ է ապագայ կառուցել», մատնանշած է դեսպանը՝ յայտնելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման իմաստով կարեւոր է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի գործունէութիւնը:
Ան նաեւ անդրադարձած է լրջութեան այն վիճակին, որ կը տիրէ, երբ սահմանակից պետութիւններ հակամարտութեան մէջ են: Անոր համաձայն՝ կարգաւորումը հիմնականին մէջ կողմերու փափաքէն կախեալ է։ «Մենք կ՛աջակցինք՝ բարենպաստ հանգամանքներու ստեղծման ի խնդիր։ Տարածաշրջանին մէջ շատ խաղացողներ կան, իւրաքանչիւրը իր շահերը կը հետապնդէ: Բայց անկարելի ոչինչ կայ», եզրափակած է դեսպան Մորել։