ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպեճանական «gunxeber» կայքը կը հաղորդէ, թէ Սպիտակ տան կողմէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հրաւէր մը ապահովելու նպատակով ջանքերը կրկին ձախողած են: Ըստ կայքին, վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին Ատրպէյճանի համար լոպիական աշխատանք կատարողները մեծ գումարներ ծախսած են, սակայն՝ ապարդիւն: Նախագահ Պարաք Օպամայի աշխատակազaմը նախ հետաքրքրութեամբ մօտեցած է Պաքուի այս փափաքին, սակայն աւելի ուշ, անյայտ պատճառներով՝ առաջարկը մերժուած է: Կայքի աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ամենայն հաւանականութեամբ, Ալիեւ մերժուած է Նոյեմբերին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն պատճառով, որովհետեւ նախքան ընտրութիւնները, նախագահները աւանդաբար շատ զգայուն կ՛ըլլան Սպիտակ տան ընդունելութիւններուն նկատմամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.