ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուրբաթ, Մարտ 9ին, թրքական բազմաթիւ թերթեր կը հաղորդեն որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով ամբաստանեալներէն Զէյնել Ապիտին Եավուզ, միայն վերջերս ազատ արձակուելէ ետք, դարձեալ ձերբակալուած է՝ այս անգամ 14 տարեկան աղջնակ մը բռնաբարած ըլլալու յանցանքով։ Եավուզ Տինքի սպանութեան դատավարութենէն անպարտ արձակուած էր, որովհետեւ դատարանը յայտնած էր, թէ չկայ որեւէ փաստ այն մասին, որ ան կ՛անդամակցէր ահաբեկչական կազմակերպութեան մը ու մասնակցած էր մարդասպանութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.