ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըս գաւառի Թաղային իրաւական սպասարկութիւններու կազմակերպութիւնը (Neighborhood Legal Services of Los Angeles County) որոշած է Կլենտէյլի հայութեան հետ պաշտօնական իր կապը նշանակել Նարինէ Սոհպաթեանը, աւելի գործնական միջոցներով իրաւական օժանդակութիւններ տրամադրելու համար քաղաքի հայութեան, յատկապէս անոնց, որոնք բաւարար եկամուտ չունին:
Սոհպաթեան պիտի փոխարինէ Ալինա Ազիզեանին, որ երկու տարիներէ ի վեր այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր: