
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 30ին, Հայ դատերական արուեստներու միութեան տարեկան մրցանակաբաշխութեան երեկոյին, բեմագրութեան «Փօլ» մրցանակը եւ անոր ընկերացող 10,000 տոլարը յանձնուեցան Ճեֆ Գալուստեանին եւ Քրեկ Քուզիրեանին, որովհետեւ դատակազմը համահաւասար համարած էր անոնց ստեղծագործութեանց արժէքը:
Մրցանակը յանձնուեցաւ ձեռամբը Հայ դատերական արուեստներու միութեան վարչութեան անդամ ու դերասան Քարեն Քոնտազեանի, որ նշեալ մրցանակը հիմնած էր՝ Լիլիան եւ Վառնըմ Փօլ ամոլի յիշատակին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ:
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Ճիլ Սիմոնեան, որ կարդաց Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Քեւըն ՏըԼիոնէն յղուած հռչակագիրը, ի պատիւ Հայ դատերական արուեստներու միութեան:
Նաեւ, Հայ դատերական արուեստներու միութեան հիմնադիր ու նախագահ Պիանքա Պակատուրեան տեղեկութիւններ փոխանցեց միութեան նորագոյն իրագործումներուն մասին, եւ ապա միութեան «Հայ աստղ» մրցանակը յանձնեց շարժապատկերներու յայտնի արտադրող Արթուր Սարգիսեանին:
Հայ դատերական արուեստներու միութեան բեմագրութեան յաջորդ մրցումը Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան մրցանակի մրցումն է, որ թատրոնի յատուկ ստեղծագործութեանց վերապահուած է: Բեմագրութիւնները յանձնելու պայմանաժամը Փետրուար 15, 2012ն է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել
www.armeniandrama.org կայքը: