
«Ասպարէզ» թերթի խմբագիրին «Օրը Օրին» սիւնակի (Նոյեմբեր 5, 2011) բովանդակութիւնը կը միտի հանրութեան հրամցնել գաղութի զանազան եւ այլազան մտահոգութիւնները, ջանալով մամուլի ճամբով կազմաւորել գաղութի կեանքը, շինիչ մօտեցումներով եւ խելահաս լուծումներով: Այսպէս էր, որ «Համազգային»ի շրջանային վարչութիւնը գեղեցիկ եւ օրինակելի գաղափարը ունեցած էր անցեալն ու ներկան իրարու շաղկապելու, այլ իմաստով՝ հինն ու նորը հաւաքելու մէկ երդիկի տակ, աւելի եւս զօրաւոր եւ արդիւնաբեր դառնալու հեռատեսութեամբ:
Անկասկած, որ «Համազգային»ի նախկին վարչութիւններու ատենապետներն ու ժողովական անդամները շատ բան ունին տալիք «Համազգային»ի մեծ ընտանիքին եւ «Համազգային»ի ճամբով՝ մեր ժողովուրդին:
Շնորհաւորելի է «Համազգային»ի նորընտիր վարչութեան յանդուգն եւ քաջարի կեցուածքը, որ միայն ու միայն կը սատարէ միակամ խմբային աշխատանքի, որուն արդիւնքը անպայման կ՛ըլլայ յառաջդիմութիւն:
«Համազգային»ի վարչութեան առողջ ու հեռատես կեցուածքը թող օրինակելի եւ վարակիչ դառնայ բոլոր ազգային հաստատութիւններէն ներս, ըլլան անոնք եկեղեցական, մարմնամարզական թէ բարեգործական:
Հսկայական մարդուժ ունեցող շրջան մըն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ գաղութը. փաստաբաններ, բժիշկներ, վաճարականներ… Այս բոլորը տեղի ունեցած է անցնող 30 տարիներու ընթացքին: Հայ երիտասարդութեան եւ հայ մարդուն կեանքը հսկայական յառաջդիմութիւն արձանագրած է, սակայն այս բոլոր դրական երեւոյթներուն առընթեր, տակաւին կը պակսին հայ մտաւորականը, խմբագիրը եւ հայերէն դասաւանդող ուսուցիչը:
Միջին Արեւելքի այսօրուան քաղաքական պայմաններուն իբրեւ արդիւնք, նկատելի է, որ դժուար պիտի ըլլայ պատրաստել հայ կրթական մշակներ: Հարցը կը մնայ նոր սերունդին ազգային հասարակական կեանքին ներգործօն մասնակցութիւնը: Սակայն, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ պատրաստել սերունդ մը, որ կարենայ վերցնել դրօշակը եւ վազել առաջ:
Այս մարզին մէջ նկատելի է Հայ Դատի եւ ՀՄԸՄի շրջանային մակարդակի վրայ տարած աշխատանքները, ըլլան անոնք քաղաքական, թէ ընկերային:
Տասնամեայ ծրագիրի գործադրութիւնը՝ վերեւը յիշուած շրջանային մակարդակի վարչութիւններուն կողմէ, կը նպաստէ յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման:
Այսքան այսօր…
ՅՈՎՍԷՓ ԳԱՓՐԻԷԼԵԱՆ