ՆՈՐԹՐԻՃ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Արշակունի ընտանիքի հիմնադրամը հաստատած է երկարամեայ ուսուցչուհի Մերիլին Արշակունիի անուան կրթանպաստներու հիմնադրամ մը, ի պատիւ հայ աշակերտներու կրթութեան նուիրուած սոյն ուսուցչուհիին, որ դասաւանդած է «Ֆերահեան» վարժարանին մէջ: Այդ վարժարանին հետ իր կապը ամուր պահելով՝ մինչեւ 2000 տոլարի կրթանպաստ մը պիտի տրամադրուի վարժարանէն շրջանաւարտի մը:
Դիմումնագիրները պէտք է ներկայացուին մինչեւ Յուլիս 15, իսկ դիմողները պէտք է ըլլան առնուազն երրորդ տարուան համալսարանական աշակերտներ, որոնք առնուազն 3.3 միջին (GPA) ապահոված են: Նաեւ, դիմողները պէտք է ըլլան արուեստի մարզին մէջ մասնագիտացողներ, որպէսզի համայնքը հարստանայ արուեստագէտներով, ուսուցիչներով, պատմագէտներով, լրագրողներով եւ այլն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումնագիրներու համար, դիմել marshschol@gmail.com հասցէին: