Հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, կազմակերպութեամբ ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան ու «Նոր Օր» շաբաթաթերթին, Չորեքշաբթի, Յունիս 15ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ (3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA 91504) տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ մտաւորական Պարոյր Աղպաշեանի մեծարման հանդիսութիւն եւ գինեձօն՝ նուիրուած անոր հրապարակագրական ու ազգային-հասարակական գործունէութեան քառասնամեակին: Գլխաւոր բանախօսն է դոկտ. Մինաս Գոճայեան: Պիտի իրականացուի նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նաեւ, Պարոյր Աղպաշեան ելոյթ պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Յունիս 7ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205) տեղի ունենալիք յիշատակի հանդիսութեան մը ընթացքին, որ նուիրուած է Գերսամ Ահարոնեանի մահուան 30րդ տարելիցին: ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ ու ՌԱԿի «Գերսամ Ահարոնեան» ակումբին կազմակերպած ձեռնարկին խօսք պիտի առնէ նաեւ Սարգիս Մինասեան: