
– Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ Հաքիարի նահանգին մէջ անծանօթ անձեր ռումբ մը նետած են Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ «ՄԻԹ»ի շէնքին վրայ։ Յարձակումը տեղի ունեցած է Երեքշաբթի ուշ երեկոյեան։ Զոհեր չկան, սակայն շէնքը կրած է նիւթական վնասներ։ Դէպքի առնչութեան հետաքննութիւն տեղի կ՛ունենայ։
– Միացեալ Նահանգներու մէջ վառելանիւթի գիները որոշ անկում կ՛արձանագրեն, քարիւղի միջազգային գինին անկումին շնորհիւ: Անցեալ շաբաթ, Քալիֆորնիոյ մէջ մէկ կալոնի միջին գինը 4.18 տոլար էր՝ նուազելով 3.6 սենթով: Այս գինը 1.10 տոլարով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատութեամբ: Ամերիկացիները այս տարի, միջին հաշուով 3100 տոլար պիտի ծախսեն ինքնաշարժի վառելանիւթին համար: 2009ին այդ գումարը 2000 տոլար էր:
– Ուաշինկթըն սկսած է ճնշում բանեցնելու Միջազգային դրամական հիմնադրամին վրայ, որպէսզի Նիւ Եորքի մէջ բանտարկուած անոր ղեկավար Տոմինիք Սթրաուս Քանի փոխարէն, ժամանակաւոր ղեկավար մը նշանակէ: Պանդոկի մէկ սպասուհիին դէմ սեռային ոտնձգութեան յանցանքով ամբաստանուող Քան, առնուազն մինչեւ Մայիս 20 բանտարկուած պիտի մնայ: Ամբաստանութիւնը հերքող Քանը, որ նաեւ Ֆրանսայի նախագահական հաւանական թեկնածու մըն էր, կրնայ մինչեւ 75 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ: