
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Չորեքշաբթի, Մայիս 18ին յայտարարեց, թէ սուրիական տագնապը մը մօտենայ իր աւարտին, հաստատելով, որ ապահովական ուժերը կարգ մը սխալ միջոցառումներու դիմած են՝ զսպելու համար ցուցարարները:
Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ասատ Դամասկոսի ականաւոր դէմքերուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, թէ ապահովական այդ կարգ մը սխալ վարուելակերպերը տեղի ունեցած են, որովհետեւ ապահովական մարմինները չեն գիտցած այսպիսի կացութիւններու հետ ինչպէ՛ս վարուիլ։
Ասատ ցուցմունք տուած է, որ կատարուի ապահովութեան ուժերուն դերակատարութեան տեղեկահաւաք, հաւաքուած տեղեկութիւններու վերլուծում ու հսկիչ կողմերու փոխանցուն։
Միւս կողմէ, թուրք պաշտօնատար մը թրքական «Զաման» օրաթերթին յայտնեց, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքիարտոնէի միջեւ հանդիպումին ընթացքին, Էրտողան ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներ պէտք է շատ զգուշ ըլլայ Ասատը թիրախ դարձնելէ, որովհետեւ զայն փոխարինող մը չկայ: Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ «Զաման»ի յայտնած են, թէ հանդիպման գլխաւոր նիւթը Սուրիան եղած է, սակայն շրջանային զարգացումները նաեւ քննարկուած են։ Ամերիկացի դեսպանը Էրտողանին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն պատգամներ փոխանցած է, իսկ Էրտողան, իր կարգին, Օպամային պատգամներ յղած է։
Նշենք, որ Սպիտակ տան բանբերը Երեքշաբթի օր յայտնած էր, թէ իր ընթացքը փոխելու եւ ժողովուրդին պահանջներուն ընդառաջելու համար, Սուրիոյ կառավարութեան առջեւ գտնուող առիթները կը նուազին։ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը Չորեքշաբթի օր հաղորդեց, թէ ամերիկեան վարչակազմը մարդկային իրաւանց խախտումներու ամբաստանութեանց հիմամբ Ասատի դէմ պատժամիջոցներ կրնայ հաստատել։