
ԹԻՖԼԻՍ, «Նիուզ».- Թիֆլիսի մէջ աւարտեցան ճատրակի կանանց Եւրոպայի անհատական առաջնութեան՝ վերջին խաղի առաջատարներու մասնակցութեամբ բաժինները, որուն ընթացքին Էլինա Դանիէլեան հաւասար արդիւնքով խաղաց պուլկարացի Անթուանէթա Սթեֆանովայի հետ՝ վաստակելով ութ միաւոր, եւ լրացուցիչ ցուցանիշով նուաճեց պրոնզէ մետալը:
Ութ միաւոր ունէր նաեւ ռուս Սվետլանա Մաթուէեւան, որ մնաց չորրորդ դիրքի վրայ: Եւրոպայի ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց լիթուանիացի Վիքթորիա Չմիլիթէ, որ վաստակեց ինը միաւոր: Անթուանէթա Սթեֆանովան 8.5 միաւորով նուաճեց փոխախոյեանի տիտղոսը: