
ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտական քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններէ հազարաւոր քաղաքացիներ Ուրբաթ, Մայիս 13ին հաւաքուեցան Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ՝ բարձրացնելով եգիպտական, պաղեստինեան, ինչպէս նաեւ արաբական շարք մը երկիրներու դրօշներ։ Հաւաքին մասնակիցները պաղեստինեան ապստամբութեան, միջպաղեստինեան հաշտութեան եւ ազգային միասնականութեան ի նպաստ կարգախօսներ բացագանչեցին։ Ցուցարարները նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն վերադարձին ու պաղեստինեան անկախ պետութեան մը հաստատումին ի նպաստ կոչեր ըրին: Ուշագրաւ էր այն իրողութիւնը, որ հատուածական պահանջներուն վերաբերող պաստառներուն թիւը նկատառելի կերպով նուազած էր։ Նշենք, որ հաւաքին մասնակիցները նաեւ դատապարտեցին վերջերս ղպտի եկեղեցիներուն դէմ կատարուած յարձակումները։
Պաղեստինեան անկախ պետութեան մը ի նպաստ ցոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ նաեւ Յորդանանի մէջ: