
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Պի.Պի.Սի.».- Ուրբաթ, Մայիս 13ին, դարձեալ բարեկարգումներ պահանջող ցոյցեր տեղի ունեցան Սուրիոյ տարածքին, սկսելով քրտաբնակ շրջաններէ ու հասնելով մինչեւ Պանիաս, Հոմս ու Համա:
Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Դամասկոսի ու Հալէպի կարգ մը թաղամասերուն մէջ, սակայն կարճատեւ եղան անոնք, ապահովական ուժերու միջամտութեան պատճառով: Հարաւային Տարաա քաղաքին մէջ ցուցարարները չեն կրցած փողոց իջնել:
Ըստ չհաստատուած տեղեկութեանց, Ուրբաթ օր սպաննուած են չորս կամ վեց ցուցարարներ: Սպանութեանց պատասխանատու կը նկատուին իշխանութեանց համակիր զինեալներ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ տեղեկատուական հարցերու նախարար Ատնան Հասան Մահմուտ Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, վերջին քանի մը օրերուն սկսած է հանդիպումներ ունենալու երկրի տարբեր շրջաններէն պատուիրակութեանց հետ, եւ աւելցուց, թէ «ազգային երկխօսութեան» այս ջանքերը պիտի շարունակուին՝ նպատակ ունենալով կացութիւնը հանդարտեցնել: Ան աւելցուց, թէ Պանիաս հաստատուած բանակային ուժերը սկսած են հեռանալու: