
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հայերէն թարգմանութեամբ կը ներկայացնէ զուիցերիացի միսիոներ Յակոբ Կիւնցլերի «Արեան եւ Արցունքների Երկրում» գիրքը, որ մեծ նշանակութիւն ունեցող աշխատութիւն մըն է, ուր կը նկարագրուին Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Ուրֆայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Հեղինակը գիրքին մէջ նկարագրուող դէպքերու անմիջական ականատեսն է, ինչ որ աւելի արժէքաւոր կը դարձնէ այս յուշագրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացման դրուագները ուսումնասիրողներուն համար:
1899ին Ուրֆա երթալով՝ Յ. Կիւնցլեր աշխատանքի կ՛անցնի «Գերմանական առաքելութիւն Արեւելքի մէջ» կազմակերպութեան հիւանդանոցին մէջ, իբրեւ զուիցերիացի բժիշկ Հերման Քրիստի օգնական: Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն, ան միակն էր, որ ունակ էր բժշկական օգնութիւն ցոյց տալու Ուրֆայի եւ շրջակայ բնակավայրերու բնակչութեան:
Յակոբ Կիւնցլերն ու անոր կինը՝ Էլիզապէթը, կը յաջողին պատերազմի տարիներուն բազմաթիւ հայեր փրկել վերահաս մահէ: