
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին ապրեցաւ պատմական օր մը՝ իր երդիքին տակ յուղարկաւորելով տարաբախտ երիտասարդ մը, որ կեանքէն հրաժեշտ կ՛առնէր զինուորական ծառայութեան ընթացքին պատահած արկածի մը հետեւանքով։ Սեւակ Պալըքճըի յուղարկաւորութիւնը Ֆերիգիւղի մէջ ժամադրած էր պետութեան ու բանակին ներկայացուցիչները, որոնք շրջապատեցին թրքական դրօշակով ծածկուած դագաղը։ Խուռներամ բազմութիւն մը կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուցած էր եկեղեցին. բարձրաստիճան սպաներ, որոնք բանակը կը ներկայացնէին, ներկայ գտնուեցան ու լեցուցին առաջին երկու կարգերը, ընտանիքի անդամներուն քով, բաժնելու համար անոնց ցաւը։ Իբրեւ վարչապետի ներկայացուցիչ, ներկայ գտնուեցաւ պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ, որ վերջերս առաջնորդող ուժ դարձած ըլլալ կը թուի պետութեան ու փոքրամասնութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները աշխուժացնելու գործին մէջ։
Դագաղին շուրջ կանգնած էին Սեւակին ընկերները։ Ներկայ էին ոստիկանական զօրաց շրջանային հրամանատար զօր. Իպրահիմ Եաշար, երրորդ զօրաբանակի հրամանատար զօր. Հուլուսի Աքար, Շիշլիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, Կղզիներու քաղաքապետ Մուսթաֆա Ֆարսաքօղլու։ Ներկայ էին նաեւ շուրջ 30 սպաներ: Սգակիրներու անօրինակ բազմութիւն մը լեցուցած էր ամբողջ եկեղեցին ու եկեղեցւոյ պարտէզը՝ յորդելով մինչեւ փողոց, որ փակուեցաւ երթեւեկութեան դիմաց։ Կը կարծուի, թէ մօտաւորապէս 3000 հոգի ներկայ գտնուեցաւ կամ եկեղեցի եկաւ այս յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելու համար։ Բակը լեցուած էր բազմաթիւ ծաղկեպսակներով, որոնց մէջ ուշագրաւ էին սպայակոյտի նախագահութենէն, ոստիկանական զօրաց հրամանատարութենէն, Մայր քաղաքապետ Գատիր Թօփպաշէն եւ այլ յայտնի քաղաքագէտներու կողմէ ղրկուածները։
Երգեցողութիւնները յուզիչ զգայնութեամբ ու հանրային ցաւին թարգման հանդիսացող փառաւորութեամբ կատարուեցան Ս. Վարդանանց երգչախումբին կողմէ։ Մինչեւ խորանին յառաջամասը ու դագաղին շուրջ կ՛աշխատէին լրագրողներ ու լուսանկարիչներ։ Պետութեան ներկայացուցիչները եկեղեցւոյ ընդունելութեան սրահին մէջ իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնէին Սեւակին հօրը, մօրը, քրոջը ու քեռայրին։
Ներկայ էր նաեւ Սեւակին խօսեցեալը՝ Մելանի Գումրուեան, որ ընտանիքի անդամներէն անջատուեցաւ ու չընդունուեցաւ ցաւակցութեան սենեակէն ներս։ Խօսեցեալ Մելանին պատահարէն ետք լրագրողներուն հետ խօսելով՝ պատմած էր, թէ Սեւակ միջադէպէն առաջ ծեծուած էր բանակին մէջ, ինչ որ հերքուեցաւ բանակին կողմէ։ «Հիւրրիյէ»չ կը գրէ, թէ Մելանիին լուսաբանութիւնները ցաւ պատճառած են Սեւակի ընտանիքին անդամներուն։
Յուղարկաւորութեան արարողութեան նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, մինչ, իբրեւ սգակիր կը հանդիսապետէր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան։
Թրքերէն պատշաճ դամբանախօսութիւն մը ըրաւ Թաթուլ հայր սուրբը, որ յուսաց, թէ այս միջադէպը թշնամութիւններուն վերջ տալու ու նոր վերածնունդ մը ապրելու առիթ մը ըլլայ։ Ան ըսաւ, որ Սեւակ կը ննջէ իր պարտականութիւնը կատարած մէկու մը հանգստութեամբ, բայց Տէրը կանուխ իր մօտ կանչեց զինք։ Հայր Թաթուլ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ պետական աւագանիին ու բանակի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին բաժնելու սուգը։
Յուղարկաւորութեան կարգի աւարտին ներկաները միջոց մը ուսամբարձ տարին տարաբախտ Սեւակին դագաղը, ապա զայն յուղարկաւորեցին դէպի Շիշլիի գերեզմանատուն։ Զինուորականները ներկայ գտնուեցան թաղման արարողութեան, որուն նախագահեց հայր Թաթուլ։ Զօր. Եաշար, թաղումէն ետք թրքական դրօշակը յանձնեց Սեւակին հօրը՝ Կարապետ Պալըքճըին, որ յայտնեց, թէ զայն պիտի պահէ մինչեւ վերջ։ Ան շատ ընկճուած էր ու լրագրողներուն յայտնեց, թէ խօսելու վիճակ չունի։
Յուղարկաւորութենէն առաջ Պաղըշ ըսաւ. «Մեր Սեւակ եղբայրը նահատակուեցաւ, երբ կը ծառայէր մեր երկրին ամբողջականութեան ու միասնականութան համար»։ Ան ցաւակցութիւն յայտնեց Պալըքճը ընտանիքին ու հայ համայնքին:
Շիշլիի քաղաքապետ Սարըկիւլ, իր կարգին ըսաւ, որ ցաւը կրկնապատկուեցաւ անոր համար, որ այս մահը զուգադիպեցաւ Զատկուան տօնին։ Քաղաքապետը ըսաւ, որ կը հաւատայ, թէ ժամ առաջ պիտի վերջանայ Պալըքճըի մահուան պարագաներուն մասին հարցաքննութիւնը, ու խոստացաւ կանգնիլ Պալըքճը ընտանիքին կողքին։