ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս գիշեր, ժամը 10ին, «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի «Ասուլիս» յայտագիրէն պիտի սփռուի հարցազրոյց մը՝ շրջանս կարճ այցելութեամբ գտնուող Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանի հետ:
«Ֆերահեան» վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեանի (համադրող) եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանի հետ առիթ ունեցանք բաւական սուր հարցեր ուղղելու նախարարին:
Առաջարկելով Կլենտէյլի ու Պըրպենքի մեր ընթերցողներուն, որ անպայման դիտեն հարցազրոյցը (միւս շրջաններուն մէջ «Հորիզոն»ը կարելի է դիտել համացանցով՝ www.horizonarmeniantv.com կայքէջէն), այստեղ կը նշենք միայն նախարարին ուղղուած հարցումներէն քանի մը հատը:
Հարցազրոյցին օրը զուգադիպած էր նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան, ուր ան արդարադատութեան նախարարին յանձնարարած է գտնել լուծումներ՝ լիցքաթափելու համար երկրին մէջ առկայ լարուածութիւնը: Մենք հարց տուինք, թէ նախարարը լիցքաթափման իբրեւ միջոց կը նկատէ՞ Մայիս 9ի Շուշիի ազատագրութեան տօնին կամ Մայիս 28ի Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձին առթիւ համաներման յայտարարութիւնը, որուն միջոցաւ ազատ կրնան արձակուիլ Մարտ մէկի իրադարձութիւններու պատճառով բանտարկուած գործիչները:
(Լեւոն Տէր Պետրոսեանի երէկուան ելոյթէն կարելի է եզրակացնել, որ համաներումը պիտի յայտարարուի Մայիս 28ի առիթով):
Նախարարին հարց տրուեցաւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան, ժողովուրդի անվստահութիւնը յաղթահարելու, կաշառակերութեամբ վարակուած ամբողջ պետական համակարգ մը առողջացնելու դժուարութիւններուն, նախագահին կողմէ պաշտօնեաներ նշանակելու տրամաբանութեան, նշանակուած նախարարներու պաշտօնին եւ իրենց գործերուն միջեւ շահերու բախման խնդիրներուն (օրինակ՝ առողջապահութեան նախարարը, որ կրնայ ազդել պետական պատուէրները իր սեփական հիւանդանոցներուն վերապահելու որոշումներուն վրայ) մասին:
Նախարարին պատասխանները հետաքրքրական էին: Դիտեցէք «Հորիզոն»ի «Ասուլիս» ծրագիրը, որ նաեւ կը կրկնուի Շաբաթ եւ Կիրակի երեկոյեան, ժամը 9ին: