
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Սանա», «Ճիհան».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6ին Դամասկոսի մէջ դռնփակ հանդիպում մը ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, զօրակցութիւն յայտնելով սուրիական ղեկավարութեան նախաձեռնած բոլոր բարեփոխումներուն: Ասատ, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ՝ Սուրիոյ կայունութեան նկատմամբ անոր յանձնառութեան համար եւ ըսած, որ Սուրիա պատրաստ է բարեփոխումներու օրինագիծեր բանաձեւելու՝ այլ երկիրներու փորձառութենէն օգտուելով։ Տաւութօղլու հանդիպումը «հոյակապ» որակած է եւ աւելցուցած, թէ քննուած է Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն քաղաքացիութեան շնորհումի, երկրին մէջ արտակարգ դրութեան ջնջումին եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր։
Նշենք, որ սուրիական «Պաաս» օրաթերթը իր Կիրակի օրուան թիւով յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ կատարուելիք բարեփոխումները արտաքին ցուցմունքներու արդիւնք պիտի չըլլան, այլ՝ սեփական նախաձեռնութեան արդիւնք։