
ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիացի ըմբոստներ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6ին, Պրեկայի վրայ հակայարձակողականի դիմելով՝ վերատիրացան մէկ օր առաջ իրենց կորսնցուցած տարածքներուն մէկ մասին: Ճակատէն վերադարձող ըմբոստներ հաղորդեցին, թէ ըմբոստներու եւ Քազաֆիի ուժերուն միջեւ փոխադարձ ռմբակոծումը կը շարունակուի։
Միւս կողմէ, ըմբոստները սկսած են բողոքելու ՆԱԹՕի կողմէ օդային հարուածներու դանդաղ ընթացքին համար, աւելցնելով, որ Քազաֆիի ուժերուն արտօնութիւն տրուած է շրջափակուած եւ մեկուսացած Միսրաթա քաղաքին մէջ քաղաքայիններ ջարդելու։
ՆԱԹՕի հրամանատարները Չորեքշաբթի օր խոստացան իրենց կարելին ընել Միսրաթայի քաղաքայինները փրկելու համար, սակայն աւելցուցին, թէ Քազաֆիի ուժերը սկսած են քաղաքայինները իբրեւ վահան գործածելու, ՆԱԹՕի օդային յարձակումները կասեցնելու նպատակով: