ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Արեւմտեան ուժերու օդային հարուածները Երեքշաբթի, Ապրիլ 5ին ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Պրեկա քաղաքին մէջ Քազաֆիի ուժերու պատկանող զինուորական երկու մեքենաներ քանդեցին՝ արտօնելով, որ ըմբոստ ուժերը յառաջանան, սակայն աւելի ուշ, անոնք պարտադրուեցան նահանջել քաղաքէն:
Պատերազմին վերջ տալու դիւանագիտական ջանքերը կը շարունակեն մնալ անել կացութեան մը մէջ։ Քազաֆիի բանբեր Մուսա Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիպիա «քաղաքական լուծում» մը գտնելու պատրաստ է։ Ան ըսաւ. «Կրնանք քաղաքական որեւէ համակարգ ունենալ, որեւէ բարեփոխում, սահմանադրութիւն, ընտրութիւն, որեւէ բան։ Սակայն ղեկավարը (Քազաֆի) պէտք ասիկա յառաջ մղէ», պայման մը, որ կը մերժուի Արեւմուտքին եւ ընդդիմութեան կողմէ:
Իր կարգին, Լիպիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ապտուլ Աթի Օպէյտի աւարտեց Յունաստան, Թուրքիա եւ Մալթա իր շրջապտոյտը, որուն ընթացքին ան չկրցաւ յատկանշական յառաջդիմութիւն ապահովել:
Նոյն օրը, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի պատուիրակը Պենկազի ժամանեց՝ խորհրդակցելու համար ընդդիմութեան հետ:
Թուրքիա եւս յառաջիկայ օրերուն, ըմբոստներու մէկ ներկայացուցիչին այցելութեան կը սպասէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.