ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ամերիկեան «Այրիշ Սենթրըլ» կայքը կը հաղորդէ, որ վերջերս աւելի հաւանական սկսած է դառնալու այն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի օգնական Սըմենթա Փաուըր կրնայ երկիրի արտաքին գործոց յաջորդ նախարարը կամ նախագահի՝ ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդականը դառնալ։ Փաուըր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ եղած է Լիպիոյ նկատմամբ քաղաքականութեան ճարտարապետը, եւ Սպիտակ տան մէջ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ։ Կը նշուի, որ երբ Քլինթըն հեռանայ ու Օպաման վերընտրուի, Փաուըր պիտի դառնայ արտաքին գործոց նախարարի իսկական թեկնածուն։ «Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան հարցերուն մէջ անոր ձայնը միշտ լսելի է», «Նիւ Եորք Թայմզ»ին ըսած է Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Քենեթ Ռոթ։
Փաուըր 2002ին «Փուլիցըր» մրցանակին տիրացած էր ցեղասպանութիւններու նուիրուած իր գիրքին համար, որուն մէջ կը քննուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան հակազդեցութիւնը՝ ցեղասպանութեանց նկատմամբ։ Գիրքին մէջ ան համոզում կը յայտնէ, թէ հայերու, հրեաներու, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները տեղի ունեցած են, որովհետեւ իշխանութիւնները աչք փակած են եւ պաշտօնատարներ որոշած են չմիջամտել։ «Ամենատարածուած պատասխանը՝ «մենք չենք գիտեր»ն է, ինչ որ ճիշդ չէ», գրած է Փաուըր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.