Հինգշաբթի, Մարտ 24ին, «Ասպարէզ» խմբագրութիւնը երջանկութիւնը ունեցաւ հիւրընկալելու «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի հինգերորդ դասարանի աշակերտները:
Իրապէս երջանիկ էինք այդ օրը, որովհետեւ մեզի համար այս պատանի տղաքն ու աղջիկները հաճելի թարմութիւն բերին, իսկ ազգային մեր իրականութեան մասին իրենց իմացութիւնը, հայկական աշխարհի իրադարձութեամբ իրենց հետաքրքրութիւնը մեզ՝ ապագայի հանդէպ՝ լաւատեսութիւն ներշնչեց եւ ոգեւորեց:
Ոգեւորուեցանք իրենց հարցումներով, ոգեւորուեցանք իրենց չձանձրացող արտայայտութիւններով, իրենց խանդով ու համարձակութեամբ:
«Ասպարէզ» բախտաւոր եղած է, որ հայկական վարժարաններէն գրեթէ բոլոր այցելողները, անբաղձալի պտոյտ մը կատարած ըլլալու կամ պարզապէս պարտականութեան համար այս հաստատութենէն ներս մտնելու տպաւորութիւնը չեն թողած մեր մօտ երբեք: Իւրաքանչիւր այցելող խումբի հետաքրքրութիւններու շրջանակն ու ուշադրութեան կեդրոնացումը տարբեր եղած է, անշուշտ: «Ալէք Փիլիպոս»ի հինգերորդ դասարանը այս տեսակէտէն կրնար մրցանակ նուաճել:
Շնորհակալ ենք դպրոցին, որ այս խումբին ծանօթանալու առիթ ընծայեց մեզի, շնորհակալ ենք ծնողներու այն խումբին, որ իր ժամանակը տրամադրելով՝ հնարաւոր դարձուց այս այցելութիւնը, եւ, անշուշտ, շնորհակալ ենք այս աշակերտներու ուսուցիչներուն:
Ամէնէն աւելի՝ շնորհակալ ենք մեզ յոյսով տոգորած աշակերտներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.