
ԵՐԵՒԱՆ,– Պաշտպանութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ Ապրիլ 5ին տեղի ունեցած է Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին նուիրուած հանդիսութիւն, որուն մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոսներու մայրեր եւ այրիներ, զինուած ուժերուն մէջ միեւնոյն ժամանակ ծառայող երեք որդի ունեցող մայրեր, զինուորական կին ծառայողներ եւ ազատամարտիկներ:
Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան իր շնորհաւորական խօսքին մէջ՝ դիմելով ներկայ զինուորներու մայրերուն, ըսած է. «Իւրաքանչիւր մայր անհանգստութեամբ ու համբերատարութեամբ է սպասում զինուոր որդու վերադարձին. առաւել դժուար է այն մայրերի սպասումը, որոնց երկու կամ երեք որդիներն են ծառայում ազգային բանակում: Դադարած, սակայն դեռ չաւարտուած պատերազմի պայմաններում սահմանում արձակուած իւրաքանչիւր կրակոց առաջին հերթին զինուորի մօր հոգում է արձագանգում: Անհանգստանալու հետ մէկտեղ, հպարտացէք Ձեր որդիներով, որովհետեւ այսօր նրանց շնորհիւ են անառիկ մեր սահմանները»:
Դիմելով զոհուած ազատամարտիկներու մայրերուն եւ այրիներուն՝ պաշտպանութեան նախարարը մասնաւորապէս ըսած է, որ այսօր մեր զինուած ուժերու թէ՛ սպաներու, թէ՛ զինուորներու շարքերուն մէջ կան նաեւ զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ, որոնք ամէնօրեայ բարեխիղճ ծառայութեամբ կը շարունակեն իրենց հայրերուն գործը՝ աւելի զօրացնելով բանակը: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց՝ հայոց բանակին համար իրենց հայրերուն արժանի հերթափոխը մեծցնելու եւ դաստիարակելու համար:
Սէյրան Օհանեան հանդիսութեան ներկայ ՀՀ եւ ԼՂՀ Ազգային հերոսներու հարազատներուն, զոհուած ազատամարտիկներու կանանց, ինչպէս նաեւ շարք մը կին ազատամարտիկներու եւ զինուորական ծառայողներու յանձնած է գերատեսչական մետալներ, պատուոգիրեր եւ նուէրներ: