ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Խճողեալ փողոցի երթուղային լոյսերու կարմիրին հնազանդած բազմաթիւ ինքնաշարժներու միջեւ երթեւեկող մուրացիկը, հազիւ նշմարած հոգեւորական վարորդը, ամէնքը թողուց եւ անոր քով վազեց, ողորմութիւն խնդրելով: Տրուած ողորմութեան քանակէն գոհ չմնալը ուրիշ հարց է, որ նաեւ աշխարհական անցորդներու կրնայ պատահիլ: Սակայն, իր քայլերը դէպի հոգեւորականը ուղղելը, ու բազմաթիւ անցորդներուն մէջէն զայն իբրեւ վստահելի ու ապահովապէս ողորմած անձ նկատելը՝ ուրիշ հարց է:
Կեանքի բովէն անցնող իւրաքանչիւր մարդ անպայման կ՛ունենայ դժուարութեան պահեր, որոնց ընթացքին ապաւէն կը փնտռէ: Մահուան պարագան ամէնէն աւելի զգալի կը դարձնէ մարդկային այս կարիքը: Այսպէս, շատ քիչեր կրնան իրենց հարազատին մահուան սուգը առանձինն տանիլ: Ճանչցած եմ անձեր, որոնք տարիներով խնամած են իրենց հայրը կամ մայրը, սակայն այն վայրկեանէն սկսեալ երբ իրենց խնամած անձը հոգին աւանդած է, չեն կրցած նոյնիսկ անոր մարմնոյն դպչիլ կամ մօտենալ ննջեցեալին: Այսպիսիներ անմիջապէս իրենց շուրջը եղող մարդոց կարիքը կÿունենան, որպէսզի անոնք տէր դառնան կացութեան, հարկ եղած կարգադրութիւնները կատարեն, եւ յուղարկաւորութիւնը կազմակերպեն: Ոմանք մինչեւ իսկ կը սմքին ու կը պապանձին, չկարենալով բառ մ՛իսկ արտաբերել իրենց շրթներէն, իսկ ուրիշներ )յատկապէս իգական սեռին պատկանողներ( լացով ու անսովոր բացագանչութիւններով իրենց ողբն ու կոծը կ՛արտայայտեն, միշտ շրջապատին հանդարտեցնող ճիգերուն հակառակ դիրքորոշուելով:
Հովուական աստուածաբանութեան մէջ յատկապէս կը շեշտուի այս պարագան, երբ իր հօտին հովուութիւնը կատարող հոգեւորականը ի՛նք պիտի ըլլայ այն անձը, որուն պէտք է դիմէ հաւատացեալը, նման կացութեանց մէջ: Հոգեւորականը արդէն փորձառու այն մարդն է, որ տարբեր տարիքի մէջ պատահող մահերու պարագային գիտէ տնօրինել հարկ եղածը, մինչեւ իսկ մխիթարութեան եղանակն ու թաղմանական արտաքին ձեւերու տարբերակները: Պատահած է, որ այս կալուածէն ներս փորձառութիւն չունեցող մարդիկ միջամուխ ըլլալով աւեր գործած են, կամ ինչպէս ժողովրդային առած կÿըսէ՝ «յօնք շինելու տեղ աչքը հանած են»:
Ուրիշ խօսքով, տխուր կացութեանց մէջ, հոգեւորականը կը դառնայ այն ապաւէնը, որուն ներկայութիւնը թերեւս այլ առիթներով պիտի չըզգար իր կեանքին մէջ հաւատացեալը: Աշխարհականներ երբեմն կը տրտմին, երբ իրենց բարեկամները միայն նեղ կացութեանց մէջ զիրենք կը յիշեն, եւ դրամական փոխատուութիւն խնդրելու համար կը մօտենան: «Ո՞ւր էիր, բարեկամ, կ՛ըսեն, երբ գործդ լաւ էր, գրպանդ լեցուն ու փորդ կուշտ: Այն ատեն չյիշեցի՞ր թէ ես լաւագոյն բարեկամդ էի»:
Աշխարհային մտածողութեան այս կերպը, սակայն, ներելի չէ՛ եկեղեցւոյ յարկէն ներս: Ամէնէն աւելի հանգամանաւոր եկեղեցւոյ սպասաւորէն իսկ հաւատացեալը կ՛ակնկալէ, առանց նախապայմանի օգտակար հանդիսանալ իրեն, երբ նեղութեան մէջ կը գտնուի ինք: Թերեւս նախապէս եկեղեցւոյ դրան գոյնին անծանօթ ըլլայ այդ դիմողը, սակայն, կը սպասէ որ օժանդակութիւն ստանայ անպայման, որովհետեւ գիտէ որ Մեծ Վարդապետը ի՛նք ցոյց տուած այդ օրինակը, երբ անկեալին, զրկեալին ու վիրաւորին օգնած է, առանց հարցնելու նախապէս, թէ ո՞վ են կամ ինչո՞ւ կարիքի մէջ են անոնք: Տարին մէկ անգամ, կամ գուցէ իրենց կեանքին մէջ մէկ անգամ եկեղեցւոյ դուռը ափ առնող այս հաւատացեալները, իրենց ենթագիտակից ուղեղին ճամբով կարդացած կ՛ըլլան Աւետարանը, եւ նեղութեան մէջ շուտով կը վերյիշեն անոր աստուածային պատգամները: Նոյնիսկ Յիսուսի խօսքերէն բաժիններ կը մէջբերեն, անոնք, ընդհանրապէս սխալ վերարտադրութիւններով: Սակայն, այդ պահուն կ՛ակնկալեն, որ ամէն ոք ամբողջապէս գործադրողը ըլլայ աստուածաշնչական պատգամներուն:
Վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթները, ուղղակի կամ անուղղակի ցոյց կու տան, թէ կարիքաւոր հաւատացեալը սպասում ունի իր եկեղեցիէն, եւ թէ՝ եկեղեցին է աղքատին, անկեալին ու զրկեալին միակ ապաւէնը: Զուր տեղը չէ, որ աշխարհի ամէն եկեղեցիներն ալ իրենց ծառայական կեանքին խորք ու իմաստ կու տան, ընկերային ծառայութիւն կատարելով: Տնտեսապէս հարուստ թէ համեստ եկեղեցիներ, ամէնքն ալ կը ջանան իրենց տարեկան ծախսի գանձէն յատուկ գումար յատկացնել այս նպատակին: Աւելին, մեր եկեղեցիներուն մէջ անցեալին աւելի տարածում գտած «Աղքատախնամի Պնակ»ը, ճիշդ այս նպատակին ծառայող միջոց էր, թաղի եկեղեցւոյն կողմէ կարիքաւորները հոգալու համար: Արեւմտեան ամէնէն հարուստ եկեղեցիներն անգամ իրենց արարողութեան ընթացքին յատուկ պահ կը տրամադրեն «Նուիրահաւաք»ի, պարզապէս հաւատացեալներուն մօտ քաջալերելու համար ուրիշին օգտակար հանդիսանալու քրիստոնէական դաստիարակիչ սովորութիւնը:
Տեսնուած է, որ իրենց մանուկները եկեղեցի բերած ծնողներ, նուիրահաւաքի պահուն մանր դրամներ կու տան նաեւ իրենց զաւակներուն, որպէսզի քրիստոնէական ուսանելի վարժութիւնը ձեռք ձգեն անոնք վաղ տարիքին, եւ սորվին զոհողութեան գիտակցութեամբ օգտակար դառնալ կարիքի մէջ եղողներուն: Արեւմտեան երկիրներու մէջ կայք հաստատած մեր գաղութներու եկեղեցիներուն մէջ ալ, օտարներէն ընդօրինակուած տեսած ենք այս բարի սովորութիւնը, միշտ ի սրտէ ըղձալով որ անիկա տարածում գտնէ մեր ամէն եկեղեցիներէն ներս:
Կիրակնօրեայ վարժարանները իրենց հիմնադրութեան օրէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան ներքեւ, հայ մանուկին հոգեւոր գիտելիքներ փոխանցելուն հետ, նաեւ ա՛յս դաստիարակութիւնը կը շարունակեն ջամբել: Կիրակնօրեայ եկող իւրաքանչիւր մանուկ, իր հետ կը բերէ իր ջնջին նուէրը: Գիտակից ծնողը, այդ փոքրիկ գումարը իր երեխային ափին մէջ դրած պահուն, սքանչելի առիթը ունի զայն դաստիարակելով ըսելու, թէ այդ շաբաթ իրեն համար առնուելիք քաղցրեղէններու գումարին մէկ փոքրիկ մասն է ատիկա, որպէսզի աղքատ երեխաներ եւս քաղցրեղէն ուտելու հնարաւորութիւն ունենան: Աշխարհի մարդկութեան բարերարները այսպէ՛ս կը կազմաւորուին, այլապէս մարդկութիւնը հետզհետէ պիտի դառնայ ինքնակեդրոն, անձնասէր ու այլամերժ: Քրիստոնէական ոգին միայն աստուածային պատգամներուն ուսումն ու ուսուցումը չէ, այլ անոնց գործնականացումը, որ այս կեանքին մէջ, նոր ժամանակներու լոյսին տակ շօշափելիօրէն կարելի է կատարել նիւթական դոյզն ներդրումով իսկ:
Աղքատին աչքը Աստուծոյ «դրամատուն»ն է: Երբ աղեկտուր նայուածքով դիտէ աչքերդ, կը նշանակէ թէ բացուած յայտարարուած է հաշիւդ: Ինչքան դնես այնտեղ, այնքան պիտի ստանաս ապագային: Եկեղեցին է այն արժանահաւատ հաշուապահը, որ հաւատարմութեամբ ու ճշգրտութեամբ կը կատարէ գրառումները: Աղքատը փաստաբան չի՛ կրնար վարձել, ո՛չ ալ դրամատան մէջ գումար կրնայ ի պահ դնել: Անոր միակ ապաւէնը եկեղեցին է, որուն կը վստահի, եւ կ’ակնկալէ որ անպայման զօրակցի իրեն, յատկապէս նեղութեան ու դժուարութեան պահուն: