ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
15 դարեր առաջ հայ միտքն ու հոգին ընդդիմացաւ թշնամիի կամքին, պայքարեցաւ եւ կռուեցաւ՝ դէմ դնելով պարսիկ հսկայ զօրքին, գիտակից մահով անմահացաւ՝ տալով կամքի ազատութեան անզիչելիութեան օրինակը։ Այս է պատճառը, որ կը տօնենք եւ կը կազմակերպենք Վարդանանց հերոսներու յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւններ, որպէսզի Աւարայրի նահատակներու ճամբով մեզի հասած պատգամը՝ կամքի ազատութեան անխափանելիութիւնը, փոխանցենք սերունդէ սերունդ։
Վարդանանց ճակատամարտի տօնակատարութիւնը յատուկ տեղ ունի նաեւ Հայ քոյրերու վարժարանէն ներս։ Այս տարուան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Փետրուար 3ին։ Առաւօտեան ժամը 9ին սկսաւ աշակերտական Ս. պատարագը՝ նուիրուած Վարդանանց նահատակներու յիշատակին. օրուան պատարագիչն էր Կլենտէյլի Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեան, որ իր քարոզին մէջ հարցադրեց, թէ ինչո՞ւ այս ճակատամարտը կենսական է հայ ժողովուրդին համար, ապա պատասխանեց ըսելով. «Ան մղուած է երկու նպատակով՝ պաշտպանելու համար քրիստոնէական կրօնքը եւ հայրենիքը»: Տէր Գրիգոր իր քարոզին մասնակից դարձուց բոլոր աշակերտները, որոնք մեծ հետաքրքրութեամբ մասնակցեցան՝ պատասխանելով հարցումներուն։
Նոյն օրը, երրորդ դասարանէն վեր բոլոր աշակերտները հաղորդուեցան Վարդանանց քաջերու օրինակով եւ պատրաստուեցան մասնակցելու օրուան հանդիսութեան։
Պաշտօնական հանդիսութիւնը սկսաւ յետ պատարագին, վարժարանիս «Դանիէլեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ ծնողներու, հիւրերու, ուսուցչական կազմին եւ բոլոր դասարաններու աշակերտութեան։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ օրուան խորհուրդը արտայայտող «Նորահրաշ» շարականի երգեցողութեամբ, որուն յաջորդեց Հայաստանի քայլերգը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայերէն լեզուի դասատու Մարօ Գույումճեան։ Ան ներկայացուց հայոց պատմութեան կեանքէն ներս յատկանշական նկատուող Վարդանանց տօնը եւ քաջալերեց աշակերտները, որ շարունակեն իրենց ուղին՝ Վարդանի եւ ընկերներու հաւատքով։
Օրուան թատրոնին դերակատարները բոլորն ալ արդարացուցին իրենց ուսուցիչներուն աշխատանքը։ Հանդիսութիւնը կ՛ընդգրկէր Վարդանանց ճակատամարտի նուիրուած եւ դասականացած խմբային արտասանութիւններ եւ խմբերգներ. նոյնիսկ մանկապարտէզի աշակերտները յաղթանակի գիտակցութեան հպարտութեամբ ոգեկոչեցին իրենց՝ Վարդանի թոռները ըլլալու իրողութիւնը, երգեցին նոյն հպարտութեամբ եւ քաջութեան վարակիչ զգացումով։
Յիշենք, որ սրահը զարդարուած էր պատշաճ որմազդերով եւ որմագրութիւններով, իսկ հանդիսութեան տեւողութեան կը ցուցադրուէր համակարգիչի ուսուցիչ Արա æուլճեանի կողմէ պատրաստուած «Փաուըր փոյնթ»ը՝ ստեղծելով օրուան պատշաճ մթնոլորտ։
Վերջապէս սպասուած պահը հասաւ. բոլորը անհամբեր կը սպասէին ներկայացումին, ուր երրորդ դասարանի փոքրեր ներկայացուցին Վարդանանց ճակատամարտի նախօրեակին Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ ճակատամարտի պատրաստութիւնը, իշխաններու, հայ տիկիններու եւ ժողովուրդի պատրաստակամութիւնն ու նուիրումը՝ պայքարելու թշնամիի կամքին դէմ եւ, ի գին ամէն զոհողութեան՝ տէր կանգնելու հայրենի հողին ու քրիստոնէական հաւատքին, ապա ճակատամարտի աւարտը՝ ֆիզիքական պարտութիւնն ու կամքի յաղթանակը:
Հայերէնի ուսուցչուհի Մարօ Գույումճեանի բծախնդիր աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, այս տարի եւս հիանալի էին 3րդ դասարանի տղաքն ու աղջիկները, որոնք գեղեցկօրէն եւ համոզիչ ձեւով ներկայացուցին իրենց վստահուած դերերը։
Այս տարուան նորութիւնն էր Բարեկենդանի ներկայացումը, որ վստահուած էր 2րդ դասարանի աշակերտներուն, որոնք Մարի Թիւթելեանի առաջնորդութեամբ ներկայացուցին Բարեկենդանի հայկական սովորութիւնները՝ երգելով եւ արտասանելով: Ներկաները եւ վարժարանի բոլոր աշակերտները հիւրասիրուեցան հայկական խմորեղէններով։
Ոգեկոչման աւարտին, ներկաներն ու աշակերտները հոգեկան բաւարարութեամբ եւ գոհունակութեամբ լսեցին վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Լուսիայի եզրափակիչ խօսքը, որ յորդորեց աշակերտները հաւատարիմ մնալ իրենց նախնիներու աւանդին: «Անոնք իրենց կեանքը զոհեցին ի գին քրիստոնէական հաւատքին ու հայրենիքի անկորնչելիութեան», ըսաւ ան ու իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Մարօ Գոյումճեանին, երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանին եւ հայերէնի բոլոր դասատուներուն, իրենց կազմակերպած հանդիսութեան համար։
Աշակերտութիւնը սրահէն բաժնուեցաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ, մինչ բոլորին միտքերուն մէջ անջնջելի պիտի մնայ Վարդան Մամիկոնեանի յանդգնութիւնը, Ղեւոնդ Երէցի ճառը, զինուորներու կարգապահութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, հայ տիկիններու նուիրումն ու ժրաջան աշխատանքը՝ մեզի տալով օրուան պատգամը՝ ՄԱՀ ՈՉ ԻՄԱՑԵԱԼ ՄԱՀ Է, ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է։