

29 Մարտի յետմիջրէին տեղի ունեցաւ MCMA-ի (Meghety Choir Members and Artists) տաղանդներու առաջին մրցոյթը։
Կազմակերպութեանս հիմնադիր Նորա Ռումեան Պայրամեան կատարեց ձեռնարկին բացումը՝ յայտնելով, թէ բոլոր մասնակցողները յաղթած են, որովհետեւ անոնք արդէն մաս կը կազմեն մրցոյթին եւ թէ հանդիսատեսը եկած է զիրենք վայելելու, ապա ան հրաւիրեց «Մեղեդի» երգչախումբը՝ յատուկ քայլերգով կատարելու պաշտօնական բացումը։
Օրուան հանդիսավար Արիկ Գէորգեան բեմ բարձրացաւ եւ ներկայացուց MCMA-ի առաքելութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ MCMA կազմակերպութիւնը հիմնուած է 2017ին, Նորա Ռումեան Պայրամեանի կողմէ, որ նոյն ատեն ղեկավարը եւ դաշնակահարն է «Մեղեդի» համոյթին, որ MCMA-ի հովանաւորութիւնը կը վայելէ։ Ան ապա շեշտեց կարեւորութիւնը հայ տաղանդաւոր պատանիները եւ երիտասարդները քաջալերելու երեւոյթը՝ մրցոյթներով եւ զանազան տեսակի ձեռնարկներով, որովհետեւ անոնք պիտի ըլլան մեր ապագայի արուեստագէտները, որոնք պիտի դիմագրաւեն մեր ազգին սպառնացող դժուարութիւնները՝ մեր հարուստ արուեստին ճամբով։
Ապա, ան ներկայացուց օրուան դատական կազմը, յանձինս՝ Մարալ Վարժապետեանի, Շուշան Յակոբեանի, Պետրոս Պոյաճեանի եւ տոքթ. Կարինէ Աւագեանի։
Վերջապէս, երկար սպասուած պահը հասած էր. United Methodist եկեղեցւոյ մէջ կ՛արձագանգէին 19 մասնակցողներու կատարումները՝ երաժշտութեամբ, պարերով, երգերով եւ ասմունքներով։ Ծնողներ, բարեկամներ եւ արուեստագէտ հիւրեր կ՛ըմբոշխնէին բեմին վրայ հրամցուած ելոյթները։
Մրցոյթը ունէր երկու բաժիններ. կրտսեր խումբ՝ 11էն 14 տարեկան եւ երէց խումբ՝ 15էն 18 տարեկան։
Մրցումը սկսաւ կրտսերներուն կատարողութեամբ. ներկաները ուշադրութեամբ կը հետեւէին ելոյթներուն։
Առաջին խումբի բաժինէն ետք՝ դադարին ընթացքին, միութիւնս ներկաները հիւրասիրեց զանազան անուշեղէնով եւ զովացուցիչներով։
Երէց մասնակցողները իրենց կատարումներով զարմացուցին եւ հրապուրեցին հանդիսատեսը, գերազանցելով անոնց ակնկալութիւնները։
Վերջապէս հասած էր պահը՝ յայտարարելու արդիւնքները։
Միութիւնս յատուկ վկայագիրներով գնահատեց իւրաքանչիւր մասնակցող։
Ապա հանդիսավարը յայտարարեց կրտսերներու 3րդ տեղը գրաւողին անունը՝ ասմունքող Լիա Ստեփանեան, որ ստացաւ 500 տոլարի նիւթական գնահատանք։ 2րդ տեղը գրաւեցին 2 դաշնակահարներ Տէյվիտ Կուսենս եւ Ալէքս Կարիբէկեան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստացաւ 1000ական տոլար, իսկ առաջին տեղը գրաւեց դաշնակահար Էմանուէլ Էմիլ Գազազ՝ արժանանալով 2000 տոլարի։
Կարգը եկած էր երէցներու խումբին. 3րդ տեղը գրաւեց դաշնակահար Լիմ Գալամգէրեան, որ ստացաւ 500 տոլար, 2րդ հանդիսացաւ դաշնակահար Զարեհ Աշըգեան, որ ստացաւ 1000 տոլար, իսկ առաջնութիւնը խլեց քանոնահար Ալիսիա Քէօշկէրեան՝ արժանանալով 2000 տոլարի։
Բոլոր մասնակցողները ստացան նաեւ յատուկ յուշատախտակներ։
Հանդիսավար Արիկ Գէորգեան շնորհաւորեց մրցանակակիրները եւ խրատեց, որ նիւթական գնահատանքը օգտագործեն միայն իրենց տաղանդի բարելաւման համար։ Ապա դատական կազմի անդամներուն տրուեցան յուշանուէրներ, առ ի գնահատանք անոնց տարած կամաւոր աշխատանքին։
Ձեռնարկին աւարտին, մրցանակակիրները արժանացան հանդիսատեսին ջերմ շնորհաւորանքին եւ քաջալերութեան։
(Թղթակցութիւնը՝ MCMA-էն)