Սան Տիէկոյի մէջ, 95 տարեկանին մահացաւ Մարտին Մարութեան, որ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն համար հատուցում վճարելու դատին գլխաւոր դիմողը կը հանդիսանար։
Մարութեան, Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն անունով դատ բացած էր «Նիւ Եորք Լայֆ»ի դէմ, եւ նիւթական հատուցումէն աւելի՝ ան մտահոգ էր պատմական ճշմարտութեան վերականգնումով։ Ան ծնած էր Նիւ Եորք եւ զաւակն էր Ցեղասպանութենէն վերապրած խարբերդցի ծնողքի մը:
Մարութեանի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի պիտի ունենայ Մարտ 26ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.