ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Լարք» երաժշտանոցի անդամներուն կողմէ 2005ին սկսած «Դիլիջան» համերգաշարին 2010-2011 տարեշրջանի հինգերորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 20ին, կ.ե. ժամ 3ին, դարձեալ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Զիփըր» սրահին մէջ (200 S. Grand Ave.): Ձեռնարկի ընթացքին պիտի ներկայացուին Ճորճ Քրամէն ու Ստեփան Ռոստոմեանէն երկուքական կտորներ: Հետաքրքրական է, որ Քրամի կտորներէն մէկուն խորագիրն է՝ «Սեւ Հրեշտակներ», իսկ Ռոստոմեանի գործին անունն է՝ «Հրեշտակներու Տաղեր»:
Պիտի ներկայացուին նաեւ Արթուր Աւանէսովէն ու Արամ Յովհաննէսեանէն մէկական յօրինումներ: Կատարողներուն մէջ պիտի ըլլան սոփրանօ Թոնի Առնոլտ, ջութակահար Մովսէս Պօղոսեան, դաշնակահար Վիքի Ռէյ, «Թրենոտի» քառեակը եւ «Դիլիջան»ի ձեռնարկներուն մասնակցած այլ վաստակաւոր արուեստագէտներ:
Տոմսերու համար, դիմել (818) 572-5438 թիւին: Անոնց գինը 20էն 35 տոլար է, իսկ ուսանողիներու համար՝ 15: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել dilijan.larkmusicalsociety.com կայքը:
Տարեշրջանի վեցերորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 17ին եւ պիտի նուիրուի Հայկական Ցեղասպանութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.