ԱՐՓԻ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ
Կարելի չէ կտրուկ ձեւով ընդունիլ, որ ամերիկահայ պատանին եւ երիտասարդը ազգային ոգին թօթափած են իրենց էութենէն: Փաստ. օրէ օր Փասատինայի Ֆութհիլ պողոտային վրայ գտնուող Հայ կեդրaոնի պատանիներուն թիւը աճ կ՛արձանագրէ: Անոնք սիրայօժար կու գան հայ մշակոյթի մասին սորվելու, խաղալու եւ ապրելու իւրայատուկ փորձառութիւն մը, որ հայկական մթնոլորտի մէջ ըլլալով՝ իրարու պիտի կապէ անոնց:
Որո՞նք են Հայ կեդրոն յաճախող պատանիները:
Անոնք հպարտ անդամներն են ՀՅԴ Փասատինայի «Նիկոլ Դուման» Պատանեկան ուխտին: 8-16 տարեկան մօտաւորապէս 80 պատանիներ, իրենց նուիրեալ վարիչներով եւ խորհրդատուներով կը մէկտեղուին Ուրբաթ օրերը՝ իւրացնելով իրենց գիտելիքները, խոստմնալից հայ նոր սերունդի մը լուսամուտը կը բանան եւ հզօր կամքով զօրաւոր համայնքի մը յոյսը կը ներշնչեն. անոնք պիտի դառնան Հայ Դատի նուիրեալ ամերիկահայերը:
Տասնամեակներու ընթացքին այս պատանիները դարձած են ընկերութեան եւ հայ համայնքի օժանդակներն ու կամաւոր, նուիրեալ երիտասարդները՝ ըլլալով քաղաքին եւ համայնքին ղեկավարները:
Ըստ կարիքի, հինգէն եօթը անդամներէ բաղկացած վարչականներէն Արամ Պօղոսեան, իր սրտաբուխ գնահատանքը կը յայտնէ Հայ կեդրոնի վարչութեան, որ հայ պատանիներուն կը տրամադրէ մաքուր ու ապահով միջավայր մը՝ «կեդրոն» մը, որ դաստիարակիչ բնոյթ ունի:
Պատանեկան կեանքին մէջ տարիներու վաստակ ունեցող Լոռի Ճիկէրեան, անկեղծօրէն կ՛արտայայտուի, թէ պատանիները յաճախ կարիքը ունին հիւրընկալ կեդրոնի մը, որ իր դռները իրենց տան նման լայն կը բանայ, երբ պէտք ըլլայ:
Բիւրակ Մոմճեան՝ Ուխտի գործօն վարչականներէն, կը վկայէ, թէ հզօր համայնք մը կարիքը ունի ուժեղ ժողովրդային կեդրոնի մը: Ան կ՛աւելցնէ, թէ Հայ կեդրոնին մէջ Պատանեկան ուխտին կողքին գործող բոլոր միութիւններու առողջ գործունէութեան արդիւնքով, հայ համայնքը սկսած է զօրանալու:
Այս ամսուան աւարտին տեղի ունեցաւ «Նիկոլ Դուման» Ուխտին ձմեռնային դաստիարակչական բանակումը: Այս տարուան աւարտին պատանեկան տարբեր ուխտեր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Ողիմպիական խաղերու նմանող մարմնակրթական մրցոյթի մը: Իսկ ՀՅԴի հիմնադրութեան 120ամեակին առիթով, 120 պատանիներէ կազմուած մեծ երգչախումբը, 1000 համակիրներու ներկայութեան, հայրենասիրական երգերու ելոյթ մը ունեցաւ:
Փասատինայի Հայ կեդրոնի առաքելութիւնն է՝ ծառայել աշխոյժ ամերիկահայ համայնքին: Աշխոյժ, որովհետեւ Հայ կեդրոնին մէջ կը գործեն «Նիկոլ Դուման» Երիտասարդաց եւ Պատանեկան Ուխտերը, ՀՕՄի «Սօսէ», Համազգայինի «Շահան Շահնուր», ՀՄԸՄի «Ա-զատամարտ» մասնաճիւղերը, Հայ տարեցներու միութիւնը եւ Հայ Դատի յանձնախումբը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու համար, կարելի է այցելել Փասատինայի Հայ կեդրոնի կայքէջը՝ www.pasadenaarmeniancenter.com: