
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ բոլոր կուսակցութիւններու խմբակցութիւններուն, Երեքշաբթի, Փետրուար 22ին բաժնուեցած է ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հայկական արմատներուն մասին պատմող գիրք մը։ «Միլլիյէթ»ի համաձայն, «Տերսիմցի Տիկին Եմուշի Քեմալ» խորագրեալ գիրքը բաժնուած է զայն տպագրած հրատարակչատան կողմէ։ Քըլըճտարօղլու վրդովմունք յայտնած է այս կապակցութեամբ՝ մեղադրելով Էրտողանն ու իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը, եւ պնդելով, որ անոնք կը վախնան իրմէ։ Քըլըճտարօղլուի հայկական արմատներուն մասին թրքական լրատուամիջոցներ առաջին անգամ սկսան գրելու 2009ին, տեղական մարմիններու ընտրութիւններու ընթացքին, երբ Քըլըճտարօղլու կը պայքարէր Պոլսոյ քաղաքապետի պաշտօնին համար։ Այդ օրերուն Քըլըճտարօղլուին այս մասին հարցումներ կը կատարուէին յաճախ. անոնց պատասխանելով՝ ան կը յայտնէր. «Մայրս կրնայ հայ, քիւրտ, յոյն ըլլալ, սակայն այդ պատճառով մօրս հանդէպ սէրը չի պակսիր»։