
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով անգործութեան ապահովագրութենէ նպաստ ստանալու դիմում կատարողներուն թիւը նուազած է 22,000ով՝ իջնելով 391,000ի: Աւելի յատկանշական է այն տուեալը, թէ այս թիւին չորս շաբաթեայ միջինը, որ աւելի կայուն տուեալ մը կը նկատուի, իջած է 402,000ի, ինչ որ Յուլիս 2008էն ի վեր ամենացած մակարդակն է:
Միւս կողմէ, ինքնաշարժներու «Ճի.Էմ.» ընկերութիւնը Հինգշաբթի օր հաղորդեց, թէ 2004էն ի վեր, առաջին անգամ ըլլալով տարի մը աւարտած է՝ շահ ապահովելով: Արդարեւ, տնտեսական ճգնաժամին ընթացքին սնանկացած ու պետական օժանդակութեամբ ոտքի կանգնած ընկերութիւնը, անցեալ տարի 4.7 միլիառ տոլարի շահ մը ապահոված է:
Նաեւ, Յունուար ամսուան ընթացքին նոր բնակարաններու վաճառքը շարունակած է նուազիլ՝ իջնելով 284,000ի: Դեկտեմբերին 325,000 նոր բնակարաններ ծախուած էին:
Հակառակ համեմատաբար դրական այս տուեալներուն, առեւտուրի շուկաները կը շարունակեն մնալ Միջին Արեւելքի անկայուն վիճակին հետեւանքով բարձրացած քարիւղի գինի ճնշումին ու ստեղծուած անորոշութեան շուքին տակ: