
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերը Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին հակայարձակումի մը դիմեցին առնուազն երկու քաղաքներու վրայ, որոնք ըմբոստներու հակակշիռին տակ կը գտնուին, եւ տասնեակներով զոհեր պատճառեցին: Ընդդիմութիւնը արդէն իսկ գրաւած է արեւելեան Լիպիոյ գլխաւոր կեդրոնները, ներառեալ՝ շրջանային մայրաքաղաք Պենկազին, եւ ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, արեւմտեան Լիպիոյ կարեւոր քաղաքներէն Միսրաթա եւ Զուարա ամբողջութեամբ կը գտնուին ընդդիմութեան հակակշիռին տակ:
Մայրաքաղաքէն մօտաւորապէս 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտուող Զաուիայի մէջ, առնուազն 10 զոհ արձանագրուած է, երբ Քազաֆիի համակիր ուժեր ռմբակոծած են մզկիթ մը, ուր ապաստանած էին խումբ մը ըմբոստներ:
Քազաֆի Հինգշաբթի օր Լիպիական պետական պատկերասփիւռի կայանէն ցաւակցութիւն յայտնեց բախումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերուն համար՝ զանոնք կոչելով Լիպիոյ զաւակներ։ Ան յայտնեց, թէ Լիպիոյ մէջ մարդիկ իրարու դէմ կը կրուին թմրեցուցիչի ազդեցութեան տակ: Քազաֆի նաեւ «Քայիտա»ն ամբաստանեց իրեն դէմ դաւ կազմակերպելու յանցանքով։ «Պըն Լատենն է թշնամին. ան ժողովուրդը կը շահագործէ։ Պըն Լատենով մի տարուիք», ըսաւ ան։
Մինչ ՆԱԹՕ յայտարարեց, թէ Լիպիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու մասին չի մտածեր, Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսել կը շարունակեն Քազաֆիի դէմ հաւանական պատժամիջոցներ քննելը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, թէ այս հարցով «աշխարհի պետութիւններն ու ժողովուրդները մէկ ձայնով պէտք է խօսին»։
Մինչ այդ, ընդդիմութեան կողմը անցած Լիպիոյ արդարադատութեան նախկին նախարարը յայտարարեց, թէ երկխօսութիւն տեղի պիտի չունենայ, եւ նախքան Քազաֆիի ու անոր որդիներուն՝ Լիպիայէն հեռացումը՝ տագնապը պիտի չլուծուի։
Նաեւ, Յորդանանի մօտ Լիպիոյ դեսպանը ներկայացուց իր հրաժարականը՝ բողոքելով կիրարկուող բռնարարքներուն դէմ։