
– «Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ պատասխանած է Միջին Արեւելքը կլանած իրադարձութեանց մասին հարցումներու՝ ըսելով, թէ իրավիճակը շատ ծանր է, ու ծայրայեղականները իշխանութեան գլուխ կրնան անցնիլ։ Ան ընդգծած է, որ այս դէպքերը «ուղղակի ազդեցութիւն» պիտի ունենան Ռուսիոյ վրայ։ «Խօսքը տասնամեակներու հեռանկարի մասին է», աւելցուցած է ան:
– Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ յառաջացած բողոքի ցոյցերու ալիքը պիտի հասնի Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա, վերջ տալով ժողովուրդներու կեղեքումին։ Ան միաժամանակ դատապարտեց Լիպիոյ ցուցարարներուն դէմ բռնարարքները՝ լիպիացի ղեկավարներուն կոչ ընելով ընդառաջելու իրենց ժողովուրդին պահանջներուն։
– Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, թէ Թուրքիա Լիպիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու գաղափարին դէմ է: Թրքական ընկերութիւններ, մասնաւորաբար շինարարական մարզէն ներս, Լիպիոյ մէջ աւելի քան 15 միլիառ տոլար արժողութեամբ ծրագիրներ կ՛իրականացնեն, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ծաւալը անցեալ տարի շուրջ 2.4 միլիառ տոլար էր։ Էրտողան անցեալ տարի Քազաֆիէն մարդկային իրաւանց մրցանակի մը տիրացած է, եւ քննադատներ կը յայտնեն, թէ Թուրքիոյ վարչապետը այդ մրցանակը պէտք է վերադարձնէ։
– Յորդանանի մէջ, երիտասարդական կազմակերպութիւններ կոչ ըրին Ուրբաթ օր քայլարշաւներ կատարելու՝ քաղաքական բարեփոխումներ պահանջելով:
– Վենեզուելլայի ուժանիւթի եւ քարիւղի նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ ըստ միջազգային որակաւորման նորագոյն արդիւնքներուն, Վենեզուելլա աշխարհի մէջ քարիւղի ամենաշատ պաշարները ունեցող երկիրն է՝ առաջ անցնելով Սէուտական Արաբիայէն: Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ երկրին քարիւղի պաշարները կը հասնին 296.5 միլիառ տակառի։ Կը կարծուի, թէ Սէուտական Արաբիոյ քարիւղի պաշարները կը հասնին 266 միլիառ տակառի։
– 2010ին Աֆղանիստանի տարածքին ապստամբներու պատրաստած ականներուն զոհ գացած կամ վիրաւորուած ամերիկացի զինուորներուն թիւը 3366ի հասած է, ինչ որ 178 տոկոսի աճ մըն է 2009ի տուեալին համեմատ: