ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ճազիրա».- Ապահովական ուժերու կողմէ աւելի քան քսան ցուցարարներու սպանութեան դէմ Ուրբաթ, Փետրուար 18ին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերէն ետք, լիպիացի զինուորներ տեղակայուեցան Լիպիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք Պենկազիի մէջ։
Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութիւնը յայտնեց, թէ ապահովական ուժերը Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օր առնուազն 24 ցուցարարներ սպաննած են։ Ըստ տեղական աղբիւրներու, առնուազն չորս ցուցարարներ եւս սպաննուած են Ուրբաթ օր, իսկ ցարդ սպաննուածներուն թիւը 50ի հասած է:
Լիպիոյ ղեկավար Մուաամար Քազաֆի Ուրբաթ օր, քանի մը վայրկեան տեւած այցելութիւն մը տուաւ Թրիփոլիի «Կանա»չ հրապարակ, ուր հաւաքուած էին անոր համակիրները։