
ԳԱՀԻՐԷ, «Ճազիրա».- Մօտաւորապէս երկու միլիոն եգիպտացիներ Ուրբաթ, Փետրուար 18ին, հաւաքուեցան Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ՝ նշելու համար մէկ շաբաթ առաջ տեղի ունեցած Հոսնի Մուպարաքի տապալումը, ինչպէս նաեւ՝ երկրին կառավարումը ստանձնած Զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդին յիշեցնելու երկիրը դէպի ժողովրդավարութիւն առաջնորդելու պահանջը։ 18օրեայ ժողովրդային ըմբոստութիւնը ղեկավարած խմբակները սոյն օրը կոչած էին «Յաղթանակի եւ սահմանադրութեան Ուրբաթ»։
Յայտնենք, թէ Հինգշաբթի օր իշխանութիւնները ձերբակալած էին նախկին կառավարութեան ներքին գործոց, զբօսաշրջութեան եւ բնակարանային հարցերու նախարարները, ինչպէս նաեւ մեծահարուստ գործարար մը, անոնց դէմ բացուած զեղծարարութեանց հետաքննութեան մը ծիրէն ներս:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութիւնը Ուրբաթ օր յայտարարեց, թէ արտօնութիւն պիտի տայ իրանեան երկու մարտանաւերու, որ Սուէզի ջրանցքէն անցնին, հակառակ Իսրայէլի մտավախութեանց: Նաւերը Սուրիա կը մեկնին ռազմափորձի մը համար: