Առաւել քան ամիսէ մը ի վեր Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կրակոցները չեն դադրիր. անոնք յատկապէս մնայուն են Սիւնիքի մարզի Խնածախ եւ Խոզնավար գիւղերուն մէջ: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, գիւղացիները շեշտեցին, որ կ՛ապրին անորոշութեան եւ անապահովութեան մնայուն զգացումով, սահմանամերձ համայնքներուն մէջ կը վախնան անասնապահութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղելու:
29 Ապրիլին, տարածքային կառավարման եւ տնտեսութեան նախարարներ Դաւիթ Խուդաթեան եւ Գէորգ Պապոյեան այցելեցին Սիւնիքի մարզի Խնածախ, Վաղատուր եւ Խոզնավար բնակավայրերը եւ գիշերեցին Խնածախի մէջ: Տնտեսութեան նախարարին հրապարակած տեսանիւթին մէջ ոչ մէկ բառ կայ կրակոցներուն մասին: Նախարարը բնակիչներուն հետ խօսեցան ջուրի, ճամբաներու եւ գիւղատնտեսութեան մասին:
«Քննարկել ենք նրանց յուզող բոլոր հարցերը, գիւղում բաւականին շատ աշխատանքներ կան կատարուած, բայց միեւնոյն ժամանակ դեռ հսկայական աշխատանք կայ, որ պէտք է արուի: Ուրախութեամբ պէտք է նշեմ, որ հէնց այս պահին ջրագծի կառուցման պրոցեսի (գործընթացին) մէջ ենք, նոր ճանապարհ է կառուցւում, ճանապարհ է հիմնանորոգւում», նշած է ան:
«Ազատութիւն»ը նախարարութեան հարցուց, որ արդեօք նախարարը կրակոցներ լսե՞ց: «Հրադադարի խախտման վերաբերեալ տեղեկատուութեան տրամադրումը դուրս է նախարարութեան լիազօրութիւններից: Դիմէք պաշտպանութեան նախարարութիւն։ Այցը, սակայն, նախարարին ուրախացրել էր, քանի որ «խնածախցիները, խոզնավարցիները շատ ամուր են, կպած են իրենց հողին», պատասխանեցին նախարարութենէն։
Միւս կողմէ, Խոզնավարի վարչական ղեկավար Վահան Զաքեան յայտնեց, որ նախորդ գիշեր եւս գիւղին մէջ կրակոցներ լսուեցան, սակայն սովորականէն քիչ եւ ժամն ալ փոխուած: